2014-10-29 09:19:14

Պատրիարքական անուանումներ։


(Ռ.Վ. 29 հոկտեմբեր 2014) Ըստ դիւան թիւ 265/14 –ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Գերապատիւ Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանը անուանեց` նախագահ սուրբերու դատերու պատրիարքական յանձնախումբին։ Եւ ըստ դիւան թիւ 266/14–ին, գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը «նկատի առած ընտանիքի կարեւորութիւնը համայնքէն ներս մասնաւորապէս եւ համայն Եկեղեցւոյ համար ընդհանրապէս» Գերյարգելի Հայր Յովսէփ Ծ.Վ. Քէլէկեանը անուանեց` նախագահ ընտանիքի պատրիարքական յանձնախումբին։
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Հայր Վարդան Վրդ. Գազանճեանի անուանումին առթիւ գրեց նաեւ թէ «1915-ի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման 100 ամեակի թուականի մօտեցումով, Սուրբ Աթոռի կողմէ մեր նահատակներուն (նահատակ) հռչակումի հարցը համայն Հայ Ազգին եւ յատկապէս Մեր Նուիրապետութեան համար կենսական եւ հրատապ հարցերէն մին է» :








All the contents on this site are copyrighted ©.