Թրքական իշխանութիւնները մտադիր են Անին ընդգրկել Եունեսքօ-ի մշակութային ժառանգութեան
ցանկին մէջ
«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը աշխատանքներու
սկսած է Բագրատունեաց թագաւորութեան Անի մայրաքաղաքը ՄԱԿ-ի գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութեան`
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկելու համար: Նախարար Էօմեր
Չելիք նշած է, որ իրենք կը պատրաստուին «տիրութիւն ընելու» քաղաքին եւ աշխատանքներու
սկսած են զայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ընդգրկելու համար: 2012-ին, նախարարութեան աշխատանքներուն
շնորհիւ, «Հազար ու մէկ եկեղեցիներու» կամ «40 դուռերով քաղաք» նկատուող Անին ընդգրկուած
էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ցանկին մէջ ներառուելու թեկնածուներու ցուցակին մէջ: Այժմ թրքական իշխանութեան
վերջնական նպատակն է մինչեւ 2016 զայն ընդգրկել տալ ցանկին մէջ, որպէսզի անիկա իր արժանի
տեղը գտնէ մարդկութեան մշակութային ժառանգութիւններու շարքին: Նախարար Չելիք կը յայտնէ,
որ ինք հաստատակամ է Անատոլուի բոլոր մշակոյթներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան ժառանգութեան
նուիրելու գործին մէջ: Նախապատմական ժամանակներէն տարբեր մշակոյթներ ունեցող եւ Մետաքսի
ճամբու` Կովկասի մուտքին գտնուող Անիի մէջ նախարարութեան վերահսկողութեամբ պեղումները,
վերակառուցման եւ շրջակայքի բարեկարգման աշխատանքները լայն թափով կը շարունակուին: Նախարար
Էօմեր Չելիք տեղեկութիւններ հաղորդած է Թուրքիոյ մէջ հայկական մշակութային ժառանգութեան
ամէնէն յայտնի կեդրոններէն մէկը նկատուող Անիի մէջ իրականացուող աշխատանքներու մասին: «Մենք
միշտ հպարտացած ենք Անատոլուի ապշեցուցիչ եւ մեծ ու պատմական ժառանգութեամբ: Մենք կ՛ուզենք
ընել այն, ինչ որ կը վայելէ մեզի. այդ ժառանգութիւնը մարդկութեան նուիրել եւ ձգել ապագայ
սերունդներուն: Թուրքիան այժմ առաջնորդող երկիր դառնալու ճամբուն վրայ քայլեր կը կատարէ:
Այդ քայլարշաւին որեւէ տեսանկիւնէն բաց տեղեր ձգել չենք ուզեր», ըսած է ան։