2014-10-29 09:33:04

Արամ Ա. կը հանդիպի Իրանի Քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերուն


Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբերին, Թեհրանի Ազգային առաջնորդարանին մէջ, Սեպուհ արք. Սարգիսեանի հրաւէրով տեղի ունեցաւ Իրանի քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր պետերու հանդիպումը, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Սեպուհ սրբազան ընդհանուր կերպով ներկայացուց Իրանի մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն պարզած պատկերը՝ յայտնելով, որ յաճախակի առիթներով անոնք հանդիպումներ կ՛ունենան ընդհանրական հարցերու շուրջ խորհդակցելու նպատակով: Ապա, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ հոգեւորականները, որոնք լայն բացատրութիւններ տուին իրենց համայնքներուն առնչուած ծրագիրներուն, մտահոգութիւններուն ու աշխատանքներուն մասին:
Արամ Ա. կաթողիկոս՝ ողջունելով քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչները, շեշտեց յաճախակի առիթներով միասին ըլլալու եւ քրիստոնեայ համայնքները յուզող հարցերուն շուրջ, աղօթական մթնոլորտի մէջ, խորհդակցութիւններ ունենալու կարեւորութիւնը: Վեհափառը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ երկրին իշխանութիւնները ազատութիւններ շնորհած են քրիստոնեայ համայնքներուն, իրենց կեանքը կազմակերպելու ու կրօնական արարողութիւններ կատարելու, ինչպէս նաեւ քրիստոնէական դաստիարակութեան առնչուած ծրագիրներ մշակելու:
Կաթողիկոսը անդրադառնալով ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան, յիշեցուց քրիստոնէական միութեան առաջնահերթութիւնը՝ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդը նկատելով միջ-եկեղեցական գործակցութեան ամէնէն կարեւոր կառոյցը շրջանէն ներս:
Ապա, հայրապետը պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն:
Յայտնենք, որ Թեհրանի առաջնորդ սրբազանի կողքին, նաեւ ներկայ էին Նոր Ջուղայի եւ Ատրպատականի առաջնորդներն ու քահանաները:







All the contents on this site are copyrighted ©.