2014-10-28 12:35:57

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ դիւահանները ''յայտնելու եկեղեցւոյ սէրը''։


(Ռ.Վ. 28 հոկտեմբեր 2014) Շուրջ 300 դիւահաններ, եկած աշխարհի զանազան երկիրներէն, Հռոմի մէջ խորհրդաժողով մը գումարեցին դիւահարութեան եւ թաքնապահութեան վարդապետութիւններու մասին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զանոնք ընդունելով հրաւիրեց աշխարհի կաթողիկէ դիւահանները, յայտնելու ու դրսեւորելու Եկեղեցւոյ սէրն ու հիւրընկալութիւնը հանդէպ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին չարի ներգործութիւններէն։
Նշենք որ դիւահաններու միջազգային ընկերակցութիւնը, հիմնուած է 1980-ական թուականներուն աշխարհի ամէնէն ճանչցուած ու ժողորդականութիւն վայելող իտալացի տէր Գաբրիէլ Ամորթէն եւ ֆրանսացի տէր Ռընէ Շենեսոյէն, որ անցեալ 13 յունիսին իրաւական ճանաչում ընդունեցաւ կղերի ժողովի կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.