2014-10-28 08:30:32

''Յառաջիկայ տարի ամբողջ աշխարհը պիտի նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը. Չեմ գիտեր ես ուր կ՛ըլլամ այն ատեն, սակայն անպայման պիտի յիշեմ'' ըսաւ Կարդինալ Ռավազին Երեւանի մէջ։


(Ռ.Վ. 28 հոկտեմբեր 2014) Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահ` Կարդինալ Ճանֆրանքօ Ռավազի` երկուշաբթի 27 հոկտեմբերին, միօրեայ այցելութիւն կատարեց Հայաստան այցելելով Երեւանի Պետական համալսարանը ուր հանդիպում ունեցաւ Համալսարանի Րէկտորին հետ հուսկ մասնակցեցաւ ''Սուրբ Գրիգոր լուսաւորիչ` Քրիստոնէութեան համընդհանուր ժառանգութիւն'' նկարչական ցուցահանդէսի ցուցակի, Ռուսերէն եւ Հայերէն թարգմանութեան ներկայացումին, ապա կէսօրին փոխադրուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր նախատեսուած էր եպիսկոպոսական դասին հետ հանդիպում եւ իրեն ի պատիւ ճաշկերոյթ։
Իր կեցութեան ընթացքին, Քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդի նախագահը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ որոնց շարքին` Հայաստանի վարչապետ` Տիար Յովիկ Աբրահամեան եւ խորհրդարանի նախագահ` Տիար Գալուստ Սահակեան ինչպէս նաեւ ՀՀ մշակոյթի նախարար` Տիկ Յասմիկ Պօղոսեան։
Նշենք թէ Կարդինալ Ռավազին հադիպում ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ` Արհ. Ռաֆայէլ Արքեպ Մինասեանին հետ։
27 Հոկտեմբերին Երեւանի պետական համալսարանի գիտական խորհուրդի նիստերու դահլիճին մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ներկայ պիտի գտնուի՞ 2015-ի Ապրիլեան նախաձեռնութիւններուն՝ Կարդինալը նշած է, որ տակաւին յստակ չի գիտեր, բայց ուր ալ ըլլայ, պիտի յիշէ պատմութեան մէջ իր հետքը թողած ողբերգութիւնը: «Քիչ առաջ կը խօսէի ձեր վարչապետին հետ, ձեր կողմէ փափաք կայ, որ Հռոմի Պապը գայ Հայաստան, հաւանական է, որ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ համերաշխութեան, եղբայրութեան կոչ ուղղուի: Ուրախ եմ, որ ոչ միայն հայութիւնը կը յիշէ այդ ողբերգութիւնը, այլեւ ամբողջ մարդկութիւնը: Չեմ գիտեր ես ուր կ՛ըլլամ այն ատեն, սակայն անպայման պիտի յիշեմ։ Կարեւոր է, որ երիտասարդները եւս յիշեն, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է, որպէսզի ինքնութեան կորուստ չըլլայ, քանի որ սպաննելով ինքնութիւնը, կը սպաննես ազգը», դիտել տուած է Կարդինալ Ռավազին:
Ան նաեւ յիշած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը» ժողովածուն, մասնաւորաբար «Ցորեանի Ծովեր» բանաստեղծութիւնը, որուն մէջ կարդինալը կը տեսնէ հայ ազգի ձգտումը՝ նորէն ապրելու եւ արարելու: «Բանաստեղծութեան մէջ նկարագրուած է, որ քամին կ՛անցնի հացահատակի, խաղողի դաշտերուն միջով, բայց այս քամին, ի հարկէ, ուղղակի բնութեան քամին չէ, այլ Աստուծոյ շունչն է, որ այս հողը բերրի պիտի դարձնէ: Կ՛ըսուի, որ կը փչեն քամիները, հացահատակի սերմերը հողին մէջէն քաղցրօրէն կը բարձրանան եւ անոնց արանքով կը վազէ մեծ հոսանք մը: Բնականաբար, սերմերը մարդիկ են, որոնք արմատներ կը նետեն հողին մէջ, բոլոր պարտութիւններէն անցնելով, տակաւին ապրելու մեծ ցանկութիւն ունի», իր զգացումները հայ գրականութեան ճամբով դրսեւորած է Կարդինալը։
Վատիկանի մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի նախագահ այցելած է նաեւ, ինչպէս նշեցինք, Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուած է Մայր աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Յովակիմ եպս. Մանուկեանի կողմէ: Հիւրերուն փոխանցելով Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները՝ Յովակիմ սրբազան զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանեայց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ առկայ ջերմ յարաբերութիւններուն եւ սերտ գործակցութեան: Իր հերթին կարդինալ Ռավազին փոխանցած է Ամենայն հայոց հայրապետին ուղղուած Հռոմի սրբազան քահանայապետ` Ֆրանչիսկոս Պապին եղբայրական ողջոյնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.