2014-10-28 08:42:12

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպեցան Փարիզի մէջ։


Փարիզի Մարինյի պալատին մէջ աւարտած են Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի նախաձեռնութեամբ Հոկտեմբեր 27-ին ԼՂ հիմնահարցի կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ նախագահի գրասենեակէն:
Ֆրանսայի նախագահի հետ առաւօտեան կայացած առանձնազրոյցներէն ետք՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները բանակցութիւններ վարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի մասնակցութեամբ, ապա տեղի ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի առանձնազրոյցը:
Բանակցութիւններուն արդիւնքները ուշ երեկոյեան ամփոփուած են նախագահներ Ֆրանսուա Օլանտի, Սերժ Սարգսեանի, Իլհամ Ալիեւի եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իգոր Պոպովի (Ռուսաստան), Ճէյմս Ուորլիքի (ԱՄՆ), Փիեռ Անտիոյի (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Գասպրշիկի համատեղ հանդիպման ժամանակ:
Խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրելու համար՝ հանդիպման մասնակիցները կարեւոր համարած են ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ծիրէն ներս երկխօսութեան շարունակումը եւ վստահութեան ամրապնդման ուղղութեամբ ջանքերը: Ընդգծուած է հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման այլընտրանքի բացակայութիւնը: Կողմերը համաձայնած են շարունակել բարձր մակարդակի բանակցութիւնները:
Հոկտեմբեր 27-ի երեկոյեան Ելիսէյեան պալատին մէջ՝ Ֆրանսայի նախագահի անունով՝ ի պատիւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն՝ տրուած է ընթրիք:








All the contents on this site are copyrighted ©.