2014-10-28 08:49:11

Գերմանիոյ կաթողիկէներու 100-րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Լեյբզիկ քաղաքին մէջ որպէս նիւթ ունենալով ''ահա մարդը''։


(Ռ.Վ. 28 հոկտեմբեր 2014) Գերմանիոյ կաթողիկէներու Քաթոլիքենդակ` ձեռնարկի 100-րդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2016 Լեյբզիկ քաղաքին մէջ, որպէս նիւթ ունենալով ''ահա մարդը''։ Այս մեծ հաւաքը տեղի կ`ունենայ երկու տարին անգամ մը, որուն կը մասնակցին տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներ։ ''Ահա մարդը'' բառերը կը մէջբերեն Պիղատոսի խօսքը Քրիստոսը ներկայացնելով հրեաներուն, որոնք զինք մահուան կ`ուզէին դատապարտել։ Այսօրուայ ըմբռնումով մարդը կը գնահատուի ըստ անոր օգտակարութեան, նման մօտեցում մը հակառակ է քրիստոնէական տեսութեան, որուն համաձայն մարդու արժանաւորութիւնը կախում չունի անոր ընկերային դիրքէն։ Այս նիւթը կարող է խթան մը հանդիսանալ նաեւ ոչ հաւատացեալներու հետ երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.