2014-10-27 12:59:04

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 27 հոկտեմբերի քարոզը''Խօսքերը կը յայտնաբերեն եթէ՝ լոյսի, խաւարի կամ մթագոյն քրիստոնեաներ ենք''.


(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբերի, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոո Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց թէ խօսքի խղճի քննութենէն կրնանք հասկնալ եթէ լոյսի, խաւարի կամ մթագոյն քրիստոնեաներ ենք։
''Մարդիկը կը ճանչցուին անոնց գործածած բառերէն'', ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւեցնելով թէ Սուրբ Պօղոս քրիստոնեաներուն կը հրաւիրէր ըլլալու լոյսի զաւակներ եւ ոչ թէ խաւարի զաւակներ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա թուեց երեք տեսակ քրիստոնեաներու խումբեր.
Առաջին՝ կեղծաւոր, դատարկ, գռեհիկ, եւ կեղտոտ բառերը գործածող քրիստոնեաները որոնք կը պատկանին խաւարի մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։
Երկրորդ՝ լոյսի մէջ ապրող քրիստոնեաները, որոնք կ՝ապրին եղբայրասիրութիւնը ,բարութեամբ, եւ հեզութեամբ։ Երրորդ` անոնք, որոնք մոխրագոյն են, այսինքն ոչ լոյսի եւ ոչ իսկ խաւարի մէջ կ՝ապրին եւ չհասկցուիր եթէ անոնք Աստուծոյ կամ սատանային հետ կը գտնուին։
Ֆրանչիսկոս Պապը, քարոզը եզրափակեց յորդորելով քրիստոնեաները չխաբուիլ ունայն բառերէն ու իրենց զիրենք հարցաքննեն եթէ ՝ լոյսի, խաւարի կամ մոխրագոյն քրիստոնեաներ են, մէկ քայլ աւելիով ընթանալու համար Տիրոջ հետ հանդիպումին։








All the contents on this site are copyrighted ©.