2014-10-27 12:56:47

Սրբազան Քահանայապետի խօսքը Գիտութիւններու կաճառին դիմաց Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի կիսանդրիի բացումին առիթով


(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ''Պիոս Դ'' Քահանայապետական գիտութեան ակադեմիայի կեդրոնին մէջ բացումը կատարեց Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի նուիրուած կիսանդրիին, Քահանայապետական գիտութեան կաճարի լռանիստ գումարի ընթացքին։
Ան ապա ժամը 10-ին ընդունեց Ուկանտաի նախագահ` Տիար Եուէրի Քակութա Մուսեվենին, անոր կողակիցն ու իրենց ընկերացող շքախումբը, որմէ ետք ընդունեց Սենեկալի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Լուիս Մարիանօ Մոնթէմայորը, հուսկ ընդունեց Իսրայէլի Պար Իլան համալսարանէն ժամանած մէկ պատուիրակութիւն մը։
Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետի նուիրուած կիսանդրիին բացման հանդիսութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ.
Այս բացումին առիթով հոգիէս ներս երջանկութեան զգացում մը արթնցաւ։ Այս կիսանդրին մեզի կը ներկայացնէ ոչ միայն Ռացցինկեր Քահանայապետի դէմքը այլ նաեւ անոր ուսուցումներուն, օրինակներուն, գործունէութեան, եկեղեցւոյ նուիրումին, եւ ներկայ ''վանական'' կեանքի հոգին։ Այս հոգին ժամանակի ընթացքին պիտի չնուաղի, այլ սերունդէ սերունդ միշտ աւելի պիտի աճի եւ հզօրանայ։ Պենետիկտոս ԺԶ. մեծ քահանայապետ մըն է։ Մեծ՝ իր գիտութեամբ, աստուածաբանական գիտութեան իր տուած մեծ ներդրումով, մեծ իր սիրով` որ կը ցուցաբերէ Եկեղեցւոյ եւ մարդ արարածին հանդէպ, մեծ՝ իր առաքինի կեանքով եւ իր բարեպաշտութեամբ։ Պենետիկտոսի ճշմարտութեան հանդէպ ունեցած սէրը չի սահմանափակուիր աստուածաբանութեան եւ իմաստասիրութեան ծիրէն ներս, այլ կը դրսեւորուի գիտութեան հանդէպ ունեցած հոգատարութեամբ։ Գիտութեան հանդէպ ունեցած սէրէն կը բխի հոգատարութիւն բոլոր գիտնականներուն՝ առանց խտրութիւն դնելու ցեղի, ազգութեան, հասարակական պատկանելիութեան կամ կրօնքի։ Պենետիկտոս Քահանայապետ մասնակից է ակադեմիայի կեանքին այն օրէն սկսեալ, երբ Յովհաննէս Պօղոս Բ. զինք կ՝անուանէ իբր անդամ։ Պենետիկտոս ԺԶ.՝ գիտակից այդ ակադեմիայի գիտութեան եւ արդի արուեստի ունեցած կարեւորութեան՝ առաջին անգամ ըլլալով սոյն ակադեմիայի տնօրէնը կը հրաւիրէր Նոր Աւետարանումի սիւնհոդոսին։ Շնորհակալ ըլլանք Աստուծոյ, որ Եկեղեցւոյ եւ աշխարհին շնորհեց պարգեւ մը յանձին Պենետիկտոս Քահանայապետին։ Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ անոնց, որոնք առատաձեռնօրէն կարելի դարձուցին այս կիսանդրին, շնորհակալութիւն՝ քանդակագործ Ֆերնանտօ Տելիայի։
Ձեր համագումարի աւարտին, սիրելի ակադեմականներ, ուրախ եմ Ձեզի յայտնելու իմ խոր գնահատանքս եւ իմ ջերմ քաջալերանքս, որ յառաջ տանիք գիտութեան եւ մարդոց, եւ յատուկ կերպով աղքատներու կենսավիճակի բարգաւաճման գործընթացը։ Յատուկ ուշադրութիւն դարձուցէք բնութեան։ Այստեղ կ՝ուզեմ ընդգծել, որ Աստուած եւ Քրիստոս մեր հետ կը քալեն եւ ներկայ են բնութեան մէջ, ինչպէս կը հաստատէ Պօղոս Առաքեալ՝ ՝՝Աստուծմով կ՝ապրինք, կը շնչենք եւ կանք՝՝ (Գործք. 17, 28)։ Աստուած ստեղծեց արարածները եւ թոյլ տուաւ որ զարգանան Իր իսկ տուած իւրաքանչիւր էակի ներքին կանոններուն համաձայն։ Որպէս զի իւրաքանչիւրը աճի եւ զարգանայ եւ բարգաւաճի՝ հասնելու համար լրումին։ Աստուած արարածներուն տուած է ինքնավարութիւն՝ ապահովելով անոնց իր մնայուն ներկայութիւնը։ Եւ այսպէս արարչագործութիւնը ընթացած է հազարամեակներ եւ կը ներկայանայ մեզի իր այսօրուան դիմագիծով։ Աստուած կախարդ մը չէ, այլ Արարիչ, որ գոյութեան կը կանչէ իւրաքանչիւր էակ։
Տիեզերքի սկիզբը քաոսի գործ չէ, այլ գերագոյն Սկիզբի մը արդիւնք՝ որ կ՝արարչագործէ սիրոյ սկզբունքով։ Big Bang-ը, որ այսօր մեզի կը ներկայացուի իբր սկզբնաւորութիւն տիեզերքի, չի հակադրեր աստուածային արարիչի միջամտութեան։ Եղափոխութիւնը՝ ''էվոլուցիոնը'' կը նախատեսէ արարչագործութիւն էակներու, որոնք եղափոխութեան ենթակայ են։ Իսկ մարդ արարածին Աստուած արդէն սկիզբէն կու տայ տարբեր ինքնավարութիւն, որ է ազատութիւնը։ Հետեւաբար գիտնականին համար, եւ յատկապէս քրիստոնեայ գիտնականին համար հարկաւոր է գիտակցիլ պատասխանատուութեան հանդէպ մարդկութեան եւ երկրագունդի, նպատակ ունենալով հասնիլ այն զարգացումին, որ Արարիչի ծրագրին կը համապատասխանէ։ Սակայն մարդու արարքները իր ինքնավար ազատութեան մէջ կրնան քանդել ստեղծուածը եւ մարդ կը փորձէ գրաւել Արարչին տեղը։ Այս է մեղքը Արարիչ Աստուծոյ դէմ։
Ձեզ կը քաջալերեմ որ շարունակէք ձեր աշխատանքները եւ իրականացնէք նախաձեռնութիւնները մարդ արարածին ի նպաստ։







All the contents on this site are copyrighted ©.