Հայաստանը Չինաստանի մէջ կը մասնակցի «Մետաքսի ճանապարհ» միջազգային կինոփառատօնին։
Չինաստանի Սիան քաղաքին մէջ մեկնարկած է «Մետաքսի ճանապարհ» առաջին միջազգային կինոփառատօնը,
որուն 26 երկրէ շուրջ 80 շարժանկար ներկայացուած է: Այս մասին կը հաղորդեն ԱԳՆ լրատուական
ծառայութենէն: Հայկական կինոմշակոյթը ներկայացուած է 3 լիամեթրաժ կինոնկարներով` Վիգէն
Չալդրանեանի «Ձայն լռութեան», Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» եւ Սուրէն Պապայեանի «Մի նայիր
հայելուն» ժապաւէններով: Կինոփառատօնին մասնակցելու համար Սիան ժամանած են անուանի բեմադրիչ
Վիգէն Չալդրանեան եւ յայտնի դերասան Վարդան Մկրտչեան: Հոկտեմբեր 24-ին հանրայայտ «Wanda»
կինոթատրոնին մէջ Հայաստանի եւ Չինաստանի դրօշներու, ՀՀ օրհներգի եւ հայկական երաժշտութեան
հնչիւններու ներքոյ տեղի ունեցաւ հայկական շարժանկարներու շնորհանդէսը, որուն կը մասնակցէր
Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգսեան: Շնորհանդէսին բացման խօսքով հանդէս
եկաւ Չինաստանի լրատուութեան, տպագրութեան, ռատիոյի, կինոյի եւ հեռուստատեսութեան պետական
կառավարման նախագահի տեղակալ Լուան Գուոճին: Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ դեսպան Սարգսեան,
որ, ողջունելով «Մետաքսի ճանապարհ» կինոփառատօնի իրականացման նախաձեռնութիւնը, նշեց,
որ այն լաւ հնարաւորութիւն կու տայ կինոարուեստի միջոցով չինացի հանդիսատեսին ներկայացնելու
հայկական մշակոյթն ու պատմութիւնը, կենցաղն ու իրականութիւնը: Հայկական շարժանկարներու
շնորհանդէսը մեկնարկեց Վիգէն Չալդրանեանի «Ձայն լռութեան» շարժանկարով, որ ջերմ ընդունելութեան
արժանացաւ: Կինոփառատօնի ծիրէն ներս դեսպան Սարգսեան առանձնազրոյց ունեցաւ Լուան Գուոճիի
հետ, որուն հետ քննարկեց կինոարուեստի բնագաւառին մէջ երկկողմ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները
եւ հեռանկարները: Դեսպանը նաեւ հարցազրոյց մը տուաւ լրատուամիջոցներուն` ներկայացնելով
հայկական կինոարուեստը եւ պատասխանելով տարաբնոյթ հարցերու: Կինոփառատօնի մրցանակաբաշխութիւնը
եւ փակման արարողութիւնը տեղի կ’ունենան Հոկտեմբեր 25-ին: