2014-10-27 10:01:27

Ինտոնեզիայի կաթողիկէ եկեղեցին կը ձեռնարկէ միջկրօնական համաժողով մը։


(Ռ.Վ. 27 հոկտեմբեր 2014) Ինտոնեզիայի վեց մեծ կրօնները`(մահմետական, կաթողիկէ, բողոքական, պուտտայական, ինդու եւ քոնֆուչեան) կանչուած են մասնակցելու եռօրեայ հաւաքի մը, ամրապնդելու համար բարեկամութիւնը, փոխադարձ ճանաչումը ու երկխօսութիւնը Ինտոնեզիայի կրօնական հասարակութիւններուն միջեւ։
Հաւաքը տեղի կ`ունենայ Մունդիլայ քաղաքին մէջ` օրրանը կաթողիկէութեան։ Հաւաքին բնաբանն է` ''ճշմարիտ եւ հարազատ եղբայրակցութիւնը տարբեր կրօններու հաւատացեալներու միջեւ''։
Հաւաքին յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան գործունէութիւններ հայող մշակութային, դաստիարակչական եւ ընկերային մարզերուն, ունենալով որպէս կէտ նպատակ ամրապնդել մասնակցողներու բարոյականը ու զարգացնել խաղարար համակեցութիւն մը համայնքներու միջեւ։ Յայտնենք որ Ինտոնեզիան աշխարհի ամենէն աւելի մահմետական բնակիչ ունեցող երկիրներէն մին է։ Կաթողիկէները փոքրիկ հասարակութիւն մըն են կազմուած շուրջ 7 միլիոն հաւատացեալներէ, որոնք գործօն դեր մը ունին ընկերութեան մէջ եւ մեծապէս կը սատարեն հայրենիքի բարգաւաճման։








All the contents on this site are copyrighted ©.