2014-10-26 12:19:44

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը ''Ամենամեծ պատուիրանը Սէրն է'' ։


(Ռ.Վ. 26 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 26 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որ քաղուած էր օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն ուր Յիսուս փարիսեցիներուն մէկ հարցումին պատասխանելով կը յայտնէ թէ ''ամենամեծ եւ առաջին պատուիրանը զԱստուած սիրելն է բոլոր սրտով, բոլոր մտքով եւ բոլոր հոգիով'' աւելցնելով թէ երկրորդը նման է առաջինին` ''Սիրել քու ընկերդ քու անձիդ պէս''։
Յիսուսի բերած նորութիւնը – ըսաւ Քահանայապետը – այս երկու պատուիրանները իրարու միացնելն է, զանոնք ներկայացնելով որպէս իրարմէ անբաժանելի եւ լրացուցիչ։ Սէրը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – հաւատքին չափանիշն է եւ հաւատքը սիրոյ հոգին է։ Չենք կրնար կրօնաւորական կեանքը բաժնել եղբայրսիրութենէն ու անոնց ի սպաս ծառայութենէն։
''Յիսուս ամէն մարդուն կը շնորհէ հիմնական չափանիշը որուն վրայ հիմնել կեանքը. Ան յատկապէս մեզի կու տայ Սուրբ Հոգին որ մեզի թոյլ կու տայ սիրել Աստուածն ու մերձաւորը Իրեն նման, ազատ ու վեհանձն սրտով'', յայտնեց ապա Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին ու հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը որպէսզի կարենանք ընդունիլ սիրոյ շնորհքը ու ընթանալ սիրոյ օրէնքին համաձայն։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն, վերյիշելով, ի մէջ այլոց, Պրազիլի մէջ տեղի ունեցած Քոյր Ասսունթա Մարքեթթի երանացման արարողութիւնը ու նոր երանուհիի սրբակենցաղ յատկութիւնները, Ան ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար







All the contents on this site are copyrighted ©.