2014-10-25 10:46:55

Հայր Գէորգ Զապարեանի տուած քարոզը Հռոմի Ք. Լեւոնեան Վարժարանի ժառանգաւորներուն (25 սեպտեմբեր 2014)


Սիրելի բարեկամներ,
Սրտի բերկրութեամբ կը մատուցանեմ այսօրուան Սուրբ Պատարագը ձեզի հետ որ կը պատրաստուիք Քրիստոսի քահանաներ ըլլալու ի սպաս Եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին:
Սուրբ Նիկողայոսի անուան այս եկեղեցին նման է այն Վերնատան ուր մեր Տէրը իր Մահուան եւ Յարութեան խորհուրդը կը կատարէ ներկայութեամբ անոնց որ կը փափաքին օրին մէկը իր անունով մատուցանել սուրբ Զոհը:
Ուրախութեամբ կը տեսնեմ որ Քրիստոս ձեզ եւս կը կոչէ որպէսզի իր մտերիմներն ըլլաք՝ Աւետարանի լոյսը վառ պահելու համար հայ ազգին մէջ:
Դուք ճամբայ ելած էք հետապնդելով սուրբ նպատակ մը: Կոչուած աստուածային Վարդապետէն՝ դուք հետեւեցաք Անոր ձայնին, եւ հրապուրուած Անոր սիրոյ նայուածքէն՝ կը յառաջանաք դէպի վսէմ առաքելութիւն մը: Շնորհակալ եղէ'ք այս նախասիրութեան նշանին համար որով Աստուած զատած է ձեզմէ իւրաքանչիւրը:
Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին, կատարեց Իր Հօրը կամքը եւ հաճոյք պատճառեց Անոր իր խօսքերով ու գործերով, երկար ու քարքարոտ ճամբաներ կտրելով եւ մեղաւորները բարեգթութեամբ ընդունելով: Ան Սաղմոսերգուին բերնով Իր Հօրը կ'ըսէր «Եկայ քու կամքդ կատարելու»: Իր կեանքը համակ ծառայութիւն մը եղաւ եւ Իր մահը վերջնական բարեխօսութիւն՝ յօգուտ Իր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Իր այս Մահն ու Յարութիւնն ապրելու մեզի պատեհութիւն տուող աստուածային Զոհը կամ Սուրբ Պատարագը իսկական արտայայտութիւնն է Յիսուսի ամբողջական ինքնանուիրումին ի սէր համայն մարդկութեան: Ան ինքզինք նուիրեց՝ մեզի կեանք պարգեւելու եւ մեր մեղքերը քաւելու համար: Քրիստոսի շնորհիւ մեր երկրաւոր ճանապարհորդութիւնը սահմանուած չէ անէութեան կամ մահուան վիհին մէջ իյնալու, այլ՝ մեզ տանելու դէպի Խոստացեալ Երկիրը՝ ուր ի վիճակի պիտի ըլլանք վայելելու Աստուծոյ երանաւէտ տեսութիւնը:
Սիրելի բարեկամներ
Դուք կը պատրաստուիք առաքեալներ ըլլալու Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի նման եւ ըլլալու նաեւ ուղեկիցներ եւ սպասաւորներ հայ ազգի զաւակներուն:
Ի՞նչպէս ապրելու էք պատրաստութեան այս տարիները: Նախ եւ առաջ, այս տարիները պարտին ըլլալ անհրաժեշտ շրջան մը ներքին լռութեան, անընդհատ աղօթքի, յարատեւ ուսումի եւ աստիճանական ներմուծումի՝ Եկեղեցւոյ հովուական գործունէութիւններէն եւ կառոյցներէն ներս: Եկեղեցին հասարակութիւն եւ հաստատութիւն ըլլալով, ընտանիք եւ առաքելութիւն ըլլալով՝ Քրիստոսի ստեղծագործութիւնն է որուն բարգաւաճման կը նպաստենք մեր սուրբ արարքներով եւ որուն վնաս կը հասցնենք մեր մեղքերով:
Խոկալով Եկեղեցւոյ խորհուրդին վրայ՝ ապրեցէ'ք ձեր կազմաւորման շրջանը խոր ուրախութեամբ: Հաւատարիմ եղէ'ք Ս. Աւետարանին եւ մաքուր սիրոյ յարաբերութիւն մշակեցէ'ք ձեզ շրջապատող անձերուն հետ: Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր դժուարութիւնները, սակայն, Աստուած չի զլանար իր շնորհքը որպէսզի կարենաք այդ դժուարութիւնները սիրով յաղթահարել: Ասոր համար, որ պարագային մէջ ալ գտնուէլու ըլլաք, որքան ալ այդ պարագան դժուար ըլլայ, գիտցէ'ք արդիւաւորել ձեր առաքելութիւնը՝ ձեր բարի գործերով, ընդմիշտ պահելով ձեր սրտին մէջ այն խօսքերը զոր պիտի լսէք ձեր քահանայական ձեռնադրութեան օրը, խօսքեր որոնք բովանդակալից յորդորներ են համաձեւելու ձեր կեանքը Յիսուսի Քրիստոսի կրած խաչի խորհուրդին հետ:
Իր կեանքը համաձեւել Քրիստոսի կեանքին, կը նշանակէ նոյնանալ, ամէն անգամ աւելի, Անոր հետ որ մեզի համար ուզեց սպասաւոր, քահանայ եւ զոհ ըլլալ: Յիսուսի նմանիլը, արդարեւ, քահանային անշրջանցելի առաքելութիւնն է: Թէեւ այդ նմանութիւնը մեր ոյժերէն վեր է, սակայն գիտենք որ, Ս. Պօղոսի ըսածին համաձայն, «կը վազենք դէպի նպատակակէտը, իբրեւ մրցանակ ստանալու համար յաւիտենական կեանքը:» (Փիլ 3, 12-14)
Քրիստոս, Գերագոյն Քահանայապետը, նաեւ Բարի Հովիւն է որ կը հսկէ իր ոչխարներուն վրայ՝ իր կեանքը զոհելու չափ: (Յվհ 10, 11): Նմանելու համար Քրիստոսի, այս կէտին մէջ եւս, ձեր սիրտը պէտք է հասուննայ Ընծայարանի երդիքին ներքեւ ուր դուք ձեզ բոլորանուէր պիտի տրամադրէք աստուածային Վարդապետին: Այս տրամադրելիութիւնը, որ Սուրբ Հոգւոյ մէկ պարգեւն է, պիտի զօրացնէ ձեզ ապրելու համար թէ' կուսակրօնութեամբ Աստուծոյ Արքայութեան համար, թէ' անջատումով երկրաւոր բարիքներէն, թէ' անձնուրացութեամբ եւ թէ' հնազանդութեամբ մեծաւորներու կամքին:
Քրիստոսէն շնորհք խնդրեցէ'ք նաեւ Իրեն նմանելու՝ ուրիշները սիրելու մէջ, առանց մերժելու քրիստոնէական հաւատքէն հեռացած անձերն ու մեղաւորները, որպէսզի այսպիսինները, ձեր օգնութեամբ, դարձի գան եւ ճշմարտութեան ճամբան բռնեն: Շնորհք խնդրեցէ'ք մօտ ըլլալու հիւանդներուն եւ աղքատներուն, ամենայն պարզութեամբ եւ վեհանձնութեամբ: Յենլով Իր սիրոյն վրայ, մի' վախնաք ձեզ շրջապատող անաստուած ու հակաեկեղեցական հոսանքներէն: Մի գուցէ արհամարհուիք սակայն եթէ ձեր կեանքը խորապէս արմատացած է Քրիստոսի մէջ, ձեզ արհամարհողները ի վերջոյ զինաթափ պիտի ըլլան եւ ձեզ պիտի յարգեն ու սիրեն:
Քաջալերուած ձեր կազմաւորումի պատասխանատուներէն՝ բացէ'ք ձեր հոգին Տիրոջ լոյսին տեսնելու համար եթէ արիութիւն եւ իսկականութիւն պահանջող քահանայական ճամբան ձեր ճամբան է եւ յառաջ մի' երթաք դէպի Ս. Կարգի խորհուրդը առանց հաստատապէս համոզուած ըլլալու որ Աստուած ձեզ կը կոչէ եւ առանց լիապէս որոշած ըլլալու հնազանդիլ Եկեղեցւոյ կարգադրութիւններուն:
Լի վստահութեամբ, հեզութիւն եւ խոնարհութիւն սորվեցէ'ք՝ հեզ ու սրտով խոնարհ Յիսուսէն որպէսզի ձեր անձը չփնտռէ'ք այլ աշխատիք բարի օրինակ տալու այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք, օրին մէկը, ձեր հովուական խնամքին պիտի յանձնուին:
Նայեցէ'ք յատկապէս Ս. Կոյս Մարիամի: Ան պիտի կազմաւորէ ձեր հոգին Քրիստոսի տիպարին համեմատ եւ ձեզի պիտի սորվեցնէ ցմիշտ ապրիլ ու գործել Աստուծոյ կամքին համաձայն: Ամէն:__







All the contents on this site are copyrighted ©.