2014-10-24 12:33:18

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24 հոկտեմբերի քարոզը՝՝Իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտականութիւնն է աշխատիլ եւ կառուցել եկեղեցւոյ միութիւնը՝՝


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերի առաւօտեան , Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, թէ իւրաքանչիւր քրիստոնեայ կանչուած է աշխատելու եկեղեցւոյ միութեան ի սպաս։
Ասիկա ընելու համար պէտք է առաջնորդուինք Սուրբ Հոգիէն որ եկեղեցին կը միացնէ անձերու զանազանութեան մէջ – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեկնաբանելով օրուայ սուրբ գրային ընթերցումը, քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղուած թուղթէն (ԵՓ 4,1-6) ուր առաքեալը բանտարկեալ վիճակին մէջ կը յորդորէ հաւատացեալները եկեղեցւոյ մէջ կառուցելու միութիւնը։ Ֆրանչիսկոս Պապը մատնանշեց թէ Եկեղեցւոյ միութեան աշխատանքը եկեղեցւոյ եւ իրաքանչիւր քրիստոնեայի աշխատանք է ու աւելցուց թէ Եկեղեցւոյ միութեան կառուցելու անկիuնաքարը Յիսուսն է, երբ Ան վերջին ընթրիքի պահուն աղօթեց եկեղեցւոյ Միութեան համար ՝՝ Հայր ըրէ որ մէկ ըլլան՝՝ ։
Յիսուս ասոր համար ուղարկեց Սուրբ Հոգին, աճեցնելու համար Եկեղեցին եւ զայն մէկ դարձնելու ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ անձերուն զանազանութեան մէջ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ու քարոզին աւարտին յայտնեց թէ կանչուած ենք՝ վսեմ Յոյսի մը` ընթանանք դէպի այն յոյսը` Յիսուսի միութեան համար աղօթքի զօրութեամբ, Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեամբ որ կարող է աղիւսներէն շինել կենդանի քարեր։







All the contents on this site are copyrighted ©.