2014-10-24 12:38:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 24 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 24 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Տնտեսութեան Քարտուղարութեան կառավարիչ` Կարդինալ Ժորժ Փել, որմէ ետք ընդունեց Նիճերիոյ մօտ առաքելական նուիրակ եւ Արեւմտեան Ափրիկէի երկիրներու տնտեսական հասարակութեան մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Օկոսդին Քազույան, հուսկ Պապերու դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց '' Orientale Lumen Foundation in America – Ամերիկիոյ Արեւելքի լոյս'' հիմնարկի 45 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեան մը ու ապա Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ ընդունեց Կաթողիկէ ուսուցիչներու համաշխարհային միութեան պատուիրակութիւն մը։
''Orientale Lumen Foundation'' պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց անոնց կազմակերպած ''Էքումենիք'' ուխտագնացութիւնը որ ''այժմ հանգրուան կը կատարէ Հրոմ'', հաստատելով թէ այդ մէկը միայն աշխարհագրական ուղեւորութիւն մը չէ, այլ առիթ մըն է ներքին վերանորոգումի, ընթանալու համար միշտ դէպի մեր Տէրը Քրիստոս, որ հաւատքի Պետն է ու դուռը որ զայն կը տանի կատարելիութեան։ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա հաստատեց թէ չկայ համամիութենական իսկական երկխօսութիւն մը առանց ներքին վերանորոգումի եւ Քրիստոսի կամքին հաւատարմութեան պատրաստակամութեան ցուցմունքին։ Ան ապա գնահատեց ուխտագնացութեան ընթացքին մեծարուած` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերը որոնք մեծապէս սատարեցին կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ կապերու ամրապնդումին եւ տիպար հանդիսացան քրիստոնեաներու միութեան լուսաւոր վկայութեան։ Այս առթիւ – ըսաւ ապա Քահանայապետը – կ՛ուզեմ պարզապէս նշել թէ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի կողմէ գումարուած Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի նպատակներէն մին էր քրիստոնեաներու միութիւնը, մինչ Յովհաննէս Պօղոս Բ իր ''Ut Unum Sint - որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'', շրջաբերական թուղթով ուզեց նոր սլացք տալ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յանձնառումին ի սպաս միութեան։ Ձեր այս ուխտագնացութեան ընթացքին ձեզմէ կը խնդրեմ որ աղօթէք նաեւ ինծի համար, որպէսզի վերոյիշեալ երկու սուրբերու բարեխօսութեամբ ես ալ կարենամ լաւապէս կատարել իմ Հռոմի Եպիսկոպոսի առաքելութիւնս, ի սպաս հաղորդութեան եւ Եկեղեցւոյ միութեան հետեւելով Տիրոջ կամքին։
Յառաջիկայ օրերուն ձեր ուխտագնացութիւնը հանգրուան կը կատարէ նաեւ Ֆանար ուր պիտի հանդիպիք Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ին, խնդրեմ Անոր փոխանցել իմ եղբայրական ողջոյններս։
Ինչպէս գիտէք ես ալ կը պատրաստուիմ այցելութիւն կատարել Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին յառաջիկայ նոյեմբեր ամսոյն ընթացքին, Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ։ Այս հանդիպումը պիտի հանդիսանայ նոր նշան մը այն կապին որ կը միացնէ Հռոմը Կ. Պոլսոյ եւ այն իղձին, սիրով ու ճշմարտութեամբ յաղթահարելու համար այն պատնէշները որ մեզ տակաւին կը բաժնեն։
Բարի ուխտագնացութեան շարունակութիւն, հոգեւոր արատ պարգեւներով, աղօթեցէք ինծի համար ու սրտանց ձեզի կու տամ իմ օրհնութիւնս։








All the contents on this site are copyrighted ©.