2014-10-24 12:17:29

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատժական իրաւունքի միջազգային ընկերակցութեան կը վերահաստաէ մարդկային անհատի առաջնութիւնը` ընդգծելով ''ցկեանս բանտարկութիւնը ծածուկ մահապատիժ մըն է։


(Ռ.Վ. 24 հոկտեմբեր 2014) ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատժական իրաւունքի միջազգային ընկերակցութիւնը ընդունելով երկարաշունչ ճառ մը ուղղած է իր տեսութիւնը պարզելով հայող պատժական իրաւունքի մասին։ Ան մասնաւորապէս հրաւիրեց զանոնք պայքարելու մահապատիժի դէմ, բարւոգելու բանտարկեալներու կեանքի պայմանները։
Սրբազան հայրը բացայայտօրէն մտրակեց ապականութիւնը, որակելով զայն որպէս աւելի վատ քան մեղքը, դատապարտեց պետութեան մեղսակցութիւնը յաչս ստրկութեան։ Եւ վերջապէս հաստատեց որ ցկեանս բանտարկութիւնը ծածուկ մահապատիժ մըն է։
Խոհեմութիւնը պէտք է ըլլայ մայրը` սկզբունքը պատիժի կիրակումին։ Հարկաւոր է որ Պետութիւնները եւ մամուլը չխառնաշփոթեն արդարութիւնը վրեժի հետ։ Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը անցեալ յուլիս 2013-ին պահանջած էր Վատիկանի կանոնագրութենէն ջնջել ցկեանս պատիժի դրութիւնը մատնանշելով որ ցկեանս պատիժը քօղարկուած մահապատիժ մըն է։
Պատժական իրաւունքի մասնագէտներու առջեւ ըսաւ ժամանակաւոր բանտարկութիւնը ապօրինի այլ եղանակ մըն է, հարկաւորէ որ քրիստոնեաները ու բարի կամք ուեցող մարդիկը պայքարելու ոչ միայն մահապատիժի դէմ, անիկա ըլլայ օրինաւոր կամ ապօրինի, այլ եւ աշխատելու բարւոգել բանտարկեալներու կեանքի պայմանները յանուն մարդու արժանաւորութեան։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ. ինծի համար աներեւակայելի կը թուի որ Պետութիւնները այսօր ի վիճակի չեն մահապատիժի տեղ այլ միջոցառումներ գտնլեու պաշտպանելու ուրիշներու կեանքը ընդդէմ մարդասպաններու։ Ան ցաւով յայտնեց որ մահապատիժը ապօրէնի ու զանազան մակարդակներու վրայ կը կիրարկուի երկրագունդի մէջ, տակաւին աւելի քան 60 պետութիւններու մէջ կը կիրարկուի։
Նորին Սրբութիւնը իր ճառին մէջ վերակոչեց կարգ մը ոճրագործութիւններ որ խստիւ կը վիրաւորեն անհատին արժանաւորութիւնը ու հասարակաց բարիքը ինչպէս ստրկութիւնը արդիւնքը կարգ մը պետութիւններու մեղսակցութեան ու կաշառարութեան։ Ան դիտել տուաւ որ համաշխարհային հարստութեան գայթաղեցուցիչ կեդրոնացումը հզօր մարդոց ձեռքը կարելի եղած է պետական մարդհոց մեղսակցութեան հզօր իշխանութիւններու հետ, ընդգծելով որ կաշառարութիւնը մեղքէն աւելի ծանր է։ Հուսկ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ցաւ յայտնեց որ կաշառառութեան պատժամիջոցները յարաբերական են ու յաճախ նման են ձկնորսի այն նետին որ կը ձերբակալէ լոկ փոքրիկ ձուկերը, ազատ թողելով մեծերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.