2014-10-23 09:32:54

''Շէօնշթաթ'' կաթողիկէ շարժումին առաջին դարադարձի տօնախմբութիւնները։


(Ռ.Վ. 23 հոկտեմբեր 2014) Գերմանիոյ Քոբլանս քաղաքի մէջ, անցեալ 16-19 Հոկտեմբեր 2014, տեղի ունեցաւ միջազգային հանդիպում մը` նշելու ''Շէօնշթաթ'' կաթողիկէ շարժումի առաջին դարադարձի յոբելեանը։ Հաւաքին մասնակցեցան աւելի քան 50 երկիրներէն եկած ուխտաւորներ։
Գերմանիոյ առողջութեան նախարարը Հերման Կրըհ այս առթիւ ընդգծեց կաթողիկէ վերոյիշեալ շարժումին յանձնառումը` մարդկայնական ընկերութեան մը ի խնդիր։ ''Այս շարժումը - ըսաւ նախարարը - մեծապէս կը սատարէ համակեցութեան ընդմէջ սերունդներուն ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքի պաշտպանութեան''։
Կարդինալ Լոյոլա` ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յատուկ նուիրակը, այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ, մատնանշեց որ Եկեղեցւոյ համար ամուսնութիւնն ու ընտանիքը կոչումներ են եւ թէ անոնք կանչուած են հաւատքի վկայութիւնը տալու խօսքով եւ կեանքի օրինակով
Նորին Սրբութիւնը, կաթողիկէ շարժումին յղած իր պատգամին մէջ, մեծարեց յիշատակը կաթողիկէ շարժումի հիմնադիրին` հայր Ժոզէֆ Քենդենիխին, զոր վստահեցաւ Աստուածային նախախնամութեան վրայ, հակառակ երկու աշխարհամարտերու դժուար շրջաններուն։

''Շէօնշթաթ''կաթողիկէ շարժումը կաթողիկէ հաստատութիւն մըն է, հիմնուած 1914-ին հայր Ժոզէֆ Քենդենիխի նախաձեռնութեամբ (1885-1968)։ Կաթողիկէ շարժումը ամէն ջանք կը թափէ ամրապնդելու կաթողիկէ հաստատութիւնը ու կը նպաստէ Եկեղեցւոյ վերանորոգումին։
1926-ին Հայր Քենդենիխ հիմնեց նաեւ իգական ''Սրբուհի Մարիամ Շէօնշթաթ'' թեմական միաբանութիւնը, որ կրօնաւորական միաբանութիւն չըլլալով հանդերձ անոր անդամները կ'ապրին Աւետարանի արժէքներու հիման վրայ ։
Շէօնշթաթ շարժումի հիմնադրութեան հարիւր ամեակի առթիւ, անոր անդամներէն 7 հազար ուխտաւորներ, Հռոմի մէջ պիտի շարունակեն տօնախմբել յոբելենական տարին, 23 – 26 հոկտեմբեր 2014, եւ շաբաթ` 25 հոկտեմբեր 2014-ի ժամը 12-ին, անոնք Վատիկանի մէջ յատուկ հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ։ Մինչ կիրակի 26 հոկտեմբերին յոբելինական տօնախմբութիւնները պիտի եզրափակուին Սուրբ Պետրոսի մէջ` Կարդինալ Ֆրանսիսքօ Էրրազուրիսի գլխաւորութեամբ մատուցուած սուրբ պատարագի արարողութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.