2014-10-22 10:52:50

'Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպում'' ձեռնարկի ներկայացում


(Ռ.Վ. 22 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 24 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 11,30-ին, Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան սրահին մէջ, տեղի կ՝ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին կը ներկայացուի, ''ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպում'', խորագիրով ձեռնարկը՝ որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 27-էն 29 հոկտեմբերին։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդին կողմէ, համագործակցութեամբ՝ Քահանայապետական ընկերային գիտութիւններու Ակաթէմեայի ու Ժողովրդական զանազան շարժումներու պատասխանատուներուն։
Մամլոյ ասուլիսին ելոյթ կ՝ունենան Քահանայապետական Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Թուրքսոնը, Քահանայապետական Ընկերային Գիտութիւններու Ակաթէմեայի տեղակալ՝ Գերապայծառ Մարչէլլօ Սանչէզ Սորոնտօ, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ ձեռնարկի կազմակերպութեան կոմիտէի անդամ եւ ժողովրդային տնտեսական բանուորներու յանձնակատար` Տիար Խուան Կրապիոսը։
Ժողովրդական համաշխարհային շարժումներու հանդիպումին կը մասնակցին մօտաւորապէս 100 կազմակերպութիւններ, որոնք կը զբաղին գաղթականներու հարցով, հողագործ ընտանիքներով եւ արուարձաններուն մէջ դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն։
Նշենք, թէ ''Ժողովրդական շարժումներու համաշխարհային հանդիպումի'' երկրորդ նիստին, որ տեղի կ՝ունենայ երեքշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Վատիկանի Սիւնհոդասական նախքին դահլիճին մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.