Home Archivio
2014-10-21 09:42:04
Հռոմի թեմի միսիոնարական աղօթքի հսկումը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Մայր տաճարին մէջ։
(Ռ.Վ. 21 հոկտեմբեր 2014)
Հինգշաբթի, 23 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8.30-ին, Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ, Եկեղեցիներու միջեւ միսիոնարական համագործակցութեան կեդրոնի նախաձեռնութեամբ եւ թեմին առաջնորդ` արքեպիսկոպոս Կարդինալ Վալլինիի նախագահութեամբ, տեղի կ՛ունենայ միսիոնարական աղօթքի երեկոյ, որուն ընթացքին միսիոնարական վայր մեկնող առաքեալներուն կը յանձնուի միսիոնարական հրամանագիրը։
Արարողութեան բացումը կը կատարէ թեմին օգնական եպիսկոպոսը` գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփին։ Նախատեսուած է նաեւ Ասորի Եկեղեցւոյ Պատրիարք Իգնատիոս Եուսսէֆ Եունանի եւ Քաղդէացիներու Պատրիարք` Լուիս Ռաֆայել Սաքոյին ելոյթները։
Աղօթքի երեկոյեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Լեւոնեան քահանայապետական հայ վարժարանի երգչախումբը։
All the contents on this site are copyrighted ©.