''Տառապող եկեղեցիի օգնութիւն'' բարեսիրական հաստատութիւնը չորս միլիոն Եւրօ կը տրամադրէ
Իրաքի քրիստոնեայ գաղթականներուն։
(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014)''Տառապող եկեղեցիի
օգնութիւն'' բարեսիրական հաստատութիւնը չորս միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն տրամադրած
է Իրաքի Քրիստոնեայ հազարաւոր գաղթականներուն, անոնց ապահովցնելու սննդեղէն, բնակարան,
ինչպէս նաեւ դպրոցական կառոյցներ։ Յառաջիկայ օրերուն՝ եղանակային պայմաններու փոփոխութեան
ի տես, հազարաւոր ընտանիքներ՝ որոնք առ այժմ վրաններու տակ կը բնակին, պիտի ստիպուին
նոր բնկարաններ փնտռել պատսպարուելու ցուրտէն եւ ձմեռնային պաղ եղանակէն։