2014-10-20 15:54:38

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի եւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանրային հանդիպումները։


(Ռ.Վ. 20 հոկտեմբեր 2014)Կիրակի, 19 հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի մասին եպիսկոպոսաց Գ արտակարգ սիւնհոդոսի փակման եւ Պօղոս Զ քահանայապետի երանացման արարողութեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետը։ Արարողութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկէն ողջունեց վաստակաւոր Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով անոր ներկայութեան համար։ Այս հանդիսացաւ երկու քահանայապետերու միջեւ 6-րդ հանրային հանդիպումը։

Առաջինը տեղի ունեցաւ՝ 23 մարտ 2013-ին Քասթէլկանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, ուր երկու Պապերը պահ մը միասին աղօթեցին։
Երկրորդը՝ 5 յուլիս 2013-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ, Գաբրիէլ Հրեշտակապետի նուիրուած արձանին բացման հանդիսութեան։ Երրորդը` 2014-ի անցեալ փետրուար ամսոյն, նոր կարդինալ ընտրելու հայող կարտինալական վեհաժողովին ընթացքին։ Պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ երկու քահանայապետեր, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ իրարու կը հանդիպէին։
Չորրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ, 27 մայիս 2014-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետերու սրբադասումի արարողութեան։ Մինչ հինգերորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ անցեալ 28 Սեպտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ հռչակուած մեծ հայրերու համաշխարհային օրուան առթիւ, սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.