2014-10-18 08:39:03

Պօղոս Զ Քահանայապետը երանելի։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) Կիարկի 19 հոկտեմբեր 2014-ին երջանկայիշատակ Պօղս Զ քահանայապետը, խորաններու պատուոյն կ՛արժանանայ ս.Պետրոս հրապարակի վրայ կայանալիք հանդիսաւոր արարողութեան մը ընթացքին։ Արդարեւ Սուրբերու դատի ժողովը, անցեալ 5 մայիս 2014ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրամանով, վաւերացուց երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետի (1963-1978) իրագործած մէկ հրաշքը հայող` ամերիկացի մօր մը ծնանելիք մանուկին բուժումին։ Բժիշկները յղի կնոջ կատարած քննութիւններու աւարտին խրատած են վիժում կատարել քանի սաղմի մէջ գտած էին ձեւազերծումի ախտաճանաչում։ Մայրիկը անմիջապէս աղօթած է երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ին, հեղինակը ‘Humanae Vitae’, ''Մարդկային Կեանքը'' շրջաբերական թուղթին, Անորմէ հայցելով բարեխօսութիւնը զաւկին բուժումին համար։ Յղիութեան շրջանի աւարտին, զաւակը ծնած է առողջ եւ կայտառ։
Նշենք որ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ-ը ''Աստուծոյ ծառայ'' հռչակուած էր, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի կողմէ, 20 դեկտեմբեր 2012-ին։
Պօղոս Զ` Ճովաննի Պադդիսդա Մոնթինի , ծնած էր Պրէշիա` 26 սեպտեմբեր 1897-ին։ Քահանայապետութեան առաջին գործը եղած է աւարտել Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի գործընթացը։ Ան հանդիսացաւ մեծ բարեկարգիչ ու բարենորոգող եկեղեցական կեանքին ու կառոյցին։
11 ապրիլ 1964-ին հաստատեց` Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Քահանայապետական խորհուրդը. 19 մայիս 1964-ին ստեղծեց ոչ քրիստոնեաներու քարտուղարութիւնը ու ապա 1965-ի դեկտեմբեր 7-ին հաստատեց ոչ հաւատացեալներու քարտուղարութիւնը։

Միշտ 1965-ի սեպտեմբերին, հաստատեց Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը ապա ստեղծեց Աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդը, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն քահանայապետական յանձնաժողովը, Սուրբ Աթոռի տնտեսական հարցերու կուսակալութիւնը, Քահանայապետական տան հոգաբարձութիւնը եւ Եկեղեցւոյ կեդրոնական վիճակագրութեան գրասենեակը։

1967-ին հաստատեց Խաղաղութեան միջազգային օրը։ Ապա 1969-ին Աստուծաբանական միջազգային յանձնաժողովը։ 1970-ին ստորագրեց Քահանայապետական Ծիսական գրասնեակի նոր կանոնագիրքը։ Ջնջեց քահանայապետական զինեալ մարմինները` բացի Զուիցերական Պահակագունդէն։ Հաստատեց Քոր Ունում – Մէկ Սիրտ - քահանայապտական բարեսիրական խորհուդը 1971-ին, ապա 1972-ին հիմնեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագրութեան վերատեսութեան քահանայապետական յանձնախումբը։
Պօղոս Զ-րդ հանդիսացաւ առաջին քահանայապետը որ միջազգային ճամբորդութիւններ կատարեց. Անոնցմէ նշենք` Սուրբ Երկիր ճամբորդութիւնը 4 - 6 յունուար 1964 եւ Նիւ Եորք 4 - 5 հոկտեմբեր 1965։Սուրբ Երկիր կատարած պատմական այցելութեամբ Պօղոս Զ քահանայապետը Ս. Պետրոս առաքելապետէն ետք, հանդիսացաւ երկրորդ Քահանայապետը որ այցելած է Սուրբ Երկիրը։ Երուսաղէմ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պօղոս Զ քահանայապետը պատմական հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք Աթենակորասի եւ Արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցապետերուն հետ։ Այդ ճամբորդութիւնը Եկեղեցւոյ միութենական ուղեւորութեան շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ հանգրուան մը հանդիսացաւ։ Ճամբորդութեան կէտ նպատակն էր վերադառնալ Քրիստոնէութեան հաւատքի եւ եկեղեցւոյ կեանքի ակնաղբիւրին, Քրիստոսի նուիրել Եկեղեցին ու բաժնուած եղբայրները հրաւիրել մաս կազմելու մէկ ու միակ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աղօթել խաղաղութեան համար։
Պօղոս Զ առաքելական նամակներէն յիշենք ''Populorum progressio'' ն հրատարկաուած 26 մարտ 1967-ին, ժողովուրդներու զարգացումի մասին եւ ''Humanae vitae'' շրջաբերական նամակը հրատարակուած 25 յուլիս 1968-ին, ամուսնութեան եւ ծննդաբերութեան մասին։ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետը իր մահկանացուն կնքեց 6 օգոստոս 1978-ին Քասթելկանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ։ Սուրբ Պետրոսի յաջորդ ընտրուած էր 21 յունիս 1963-ին յաջորդելով երջանկայիշատակ սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի Քահանայապետին։ Անոր քահանայապետութիւնը տեւած է 15 տարի։
Յետ Պիոս Ժ-ի, Յովհաննէս ԻԳ-ի եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի, Պօղոս Զ-ը պիտի հանդիսանայ 20-րդ դարու չորրորդ Քահանայապետը որ խորաններու պատուոյն պիտի արժանանայ։









All the contents on this site are copyrighted ©.