2014-10-18 11:20:25

Կիրակի օրուայ Աւետարանական ընթերցում
Ղուկ 4, 14-24


14 Յիսուս Հոգիին զօրութեամբ վերադարձաւ Գալիլեա, եւ անոր համբաւը տարածուեցաւ [այդ] գաւառին ամբողջ շրջակայքը:
15 Ինք կը սորվեցնէր անոնց ժողովարաններուն մէջ, ու կը փառաւորուէր բոլորէն:
16 Երբ եկաւ Նազարէթ, ուր ինք մեծցած էր, իր սովորութեան համաձայն Շաբաթ օրը մտաւ ժողովարանը, ու կանգնեցաւ որ կարդայ:
17 Տուին անոր Եսայի մարգարէին գիրքը: Երբ բացաւ գիրքը, գտաւ այն տեղը` ուր գրուած էր.
18 «Տէրոջ Հոգին իմ վրաս է. *որովհետեւ օծեց զիս աղքատներուն աւետարանելու, ղրկեց զիս կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու,
19 գերիներուն` ազատ արձակում եւ կոյրերուն տեսողութիւն *յայտարարելու, հարստահարութիւն կրողները ազատ արձակելու, Տէրոջ **բարեհաճութեան տարին յայտարարելու»:
20 Յետոյ գոցեց գիրքը, տուաւ սպասաւորին, ու նստաւ: Բոլոր ժողովարանը եղողները իրենց աչքերը սեւեռած էին անոր վրայ:
21 Ուստի սկսաւ ըսել անոնց. «Այսօր այս գրուածը իրագործուեցաւ, ու ձեր ականջները լսեցին»:
22 Բոլորը կը վկայէին անոր մասին, կը *զարմանային անոր բերանէն ելած շնորհալի խօսքերուն վրայ, եւ կ'ըսէին. «Ասիկա Յովսէփի որդին չէ՞»:
23 Ինք ալ ըսաւ անոնց. «Իրաւ դուք ինծի պիտի ըսէք սա՛ առածը. “Բժի՛շկ, դուն քե՛զ բուժէ: Ո՜րչափ բաներ լսեցինք` որ Կափառնայումի մէջ կատարուեցան. հո՛ս ալ ըրէ` քո՛ւ բնագաւառիդ մէջ”»:
24 Եւ *շարունակեց. «Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛չ մէկ մարգարէ ընդունելի է իր բնագաւառին մէջ”:







All the contents on this site are copyrighted ©.