2014-10-18 15:01:04

Ընտանիքի հայող եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատգամը։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) Շաբաթ, 18 հոկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'' նիւթին մասին գումարուած, եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի (4-19 հոկտեմբեր) 14-րդ ընդհանուր նիստի ընթացքին, սիւնհոդոսական հայրերը վաւերացուցին վերոյիշեալ սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատգամը, որուն մէջ անոնք կը յայտնեն թէ պատգամը ուղղուած է աշխարհի բոլոր ընտանիքներուն ու յատկապէս անոնց որոնք կը հետեւին Քրիստոսի` ճանապարհ ճշմարտութիւն եւ կեանք։
Սիւնհոդոսական Հայրերը իրենց հիացումն ու գնահատանքը յայտնեցին ընտանիքներուն տուած առօրեայ վկայութեան, հաւատարմութեան, հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճանապարհով։
Մենք եւս Եկեղեցւոյ հովիւներս ծնած եւ աճած ենք ընտանեկան յարկի մը տակ եւ որպէս քահանաներ ու եպիսկոպոսներ ապրած ենք եւ հանդիպած ընտանիքներուն, որոնք մեզի կը պատմեն իրենց առօրեայի դժուարութիւնները – գրեցին Սիւնհոդոսական Հայրերը պատգամի նախաբանին մէջ հաստատելով թէ այս օրերուն տեղի ունեցող նիստերը օգնեցին աւելի լաւ ճանչնալու ընտանիքին հայող հարցերը։
Անոնք ապա մատնանշեցին թէ Քրիստոս կը բախէ անոնց դռները եւ ով որ Անոր ձայնին մտիկ ընէ եւ իրեն առջեւ բանայ դռները, Ինք պիտի գայ անոր մօտ ու անոր հետ պիտի ընթրէ։
Յիսուս այսօր եւս կը շրջի մեր քա ղաքաներու ճանապարհներու վրայ. Ձեր տուներուն մէջ կ՛ապրուին լոյսի եւ շուքի պահեր, հետաքրքիր մարտահրաւէրներ եւ ողբերգական ապացոյցներ'' գրեցին եպիսկոպոսները մատնանշելով ամուսնական սիրոյ հաւատարմութեան մարտահրաւէրին, հաւատքի ու անոր արժէքի նուազումին, անհատականութեան, յարաբերութիւններու ապառումին....որոնք պատճառ կը դառնան ամուսնական կեանքի տագնապին, յառաջացած անհամբերութեան, ներումի, հաշտութեան եւ զոհողութեան պակասէն։ Անյաջողութիւններ որոնք նոր յարաբերութիւններ, նոր զոյգեր, նոր միութիւններ եւ նոր ամուսնութիւններ կը յառաջացնեն, ստեղծելով ընտանեկան բարդ ու խրթին իրավիճակներ։ Միւս կողմէն եպիսկոպոսները ընդգծեցին ընտանիքներու քաջութիւնը յաչս կեանքի տառապանքներուն ու ցաւերուն ու հիացում յայտնեցին անոնց ընտրած հաւատարմութեան ու սիրոյ քայլերուն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, ըլլան անոնք հոգեկան, առողջական կամ տնտեսական։ Սիւնհոդոսական հայրերը յատուկէն յիշեցին աղքատները, շահագործուած կիները, գաղթականները, պատերազմի զոհ ընտանիքներն ու մանուկները, ու կոչ ուղղեցին Պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն, աշխատելու ընտանիքի իրաւունքի զարգացումին ու հասարակաց բարիքին ի խնդիր։
Քրիստոս կ՛ուզէ որ իր եկեղեցին ըլլայ ընկալող ու միշտ բաց դուռով տուն մը որ ոչ մէկը զանց կ՛ընէ։ Ասոր համար ենք եւս որպէս հովիւներ պատրաստակամ ենք ընդունելու եւ բաժնեկցելու զոյգերու եւ ընտանիքներու ներքին եւ ընկերային վէրքերը։

Սիւնհոդոսական հայրերը հուսկ արտայայտուեցան ամուսնական կեանքէն բխած հարազատ սիրոյ մասին, որ ջերմութիւն կը սփռէ իր շուրջը։ Ակնարկեցին դէպի ամուսնութեան տանող ուղեւորութեան, որ սկիզբ կ՛առնէ նշանտուքով. Սպասումի եւ պատրաստութեան պահը։

Սէրը – գրեցին անոնք – բնութեամբ յաւիտեան է, մինչեւ կեանքի զոհաբերում. Ամուսնական սէրը այս ուղղութեամբ ամենագեղեցիկ հրաշքներէն մին է – շեշտեցին ու վեր առին տիպար ամուսնական կեանքի յատկութիւնները ընդգծելով այդ կեանքի գեղեցկութիւնը, Աստուծոյ ներկայութեան շնորհիւ. միասնական ապրում, աղօթք, մէկը միւսին համար զոհուիլ, հաւատքի եւ սիրոյ ապրում որպէս նոր սերունդի ուսուցում։

Պատգամին աւարտին սիւնհոդոսական հայրերը հաստատեցին թէ կիրակնօրեայ սուրբ պատարագի զոհը արտայայտութիւնն է միութեան` Աստուծոյ ու մերձաւորին հետ, եւ որուն ընդմէջէն Տէրը ինքզինք կը նուիրէ մեզի բոլորիս։

Ձեզմէ կը խնդրենք որ մեզի ուղեկցիք դէպի յաջորդ սիւնհոդոսը, ընկերակցութեամբ սուրբ ընտանիքին որուն հետ միասին մեր աղերսը կը բարձրացնենք առ Աստուած, հայցելով բոլոր աշխարհի ընտանիքիններուն համար` միութիւն եւ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն, հաւատքի մէջ հաւատարմութիւն խաւարային պահերուն։

Հայր մեզի բոլորիս պարգեւէ շնորհքը տեսնելու միշտ հաւատարիմ ու հաւատալի Եկեղեցի մը, մարդկային արդար քաղաք մը, եւ աշխարհ մը որ կը սիրէ ճշմարտութիւնը, արդարութիւնն ու ողորմութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.