2014-10-18 13:20:04

Եգիպտոսի Ալ Ազհար մահմետական համալսարանը եւ քրիստոնեայ եկեղեցիները կ՛աշխատին իրարու միջեւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) Ալ Ազհար սիւննիներու համալսարանը ու Եգիպտոսի եկեղեցիները մտադիր են միատեղ համացանցային կայք մը բանալ միասնաբար աշխատակցելու երկրի ընդհանուր բարիքին համար։ Կայքը պիտի ղեկավարէ ''L'Egyptian Family House''` եգիպտական ընտանիքի տուն, իսլամ-քրիստոնեայ ընկերակցութիւնը։
Ալ Ազհար ու քրիստոնեայ եկեղեցիները հրաւիրուած են համագործակցելու լաւագոյնս տեղեակ պահելու հանրութիւնը իւրաքանչիւր համայնքի ծրագիրներու մասին։ Նախաձեռնութեան նպատակն է ամոքել երկրին մէջ լարուածութիւնը ու վերջ տալ կրօնական ծայրայեղութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.