Պօղոս Զ Քահանայապետին աճիւնները պիտի չփոխադրուին Ս. Պետրոս տաճար։
(Ռ.Վ. 17 հոկտեմբեր 2014)Հակառակ աւանդութեան, Պօղոս Զ Քահանայապետին աճիւնները,
յետ երանացման, պիտի չփոխադրուին Ս. Պետրոսի տաճարը, այլ պիտի մնան Վատիկանեան Պազիլիքայի
ընդերկրեայ դամբարանին ներքոյ ու Անոր գերեզմանին վրայ պիտի աւելցուի պարզապէս ''երանելի''
գրութիւնը։ Նշենք որ Պօղոս Զ-ի աճիւններուն չփոխադրելու որոշումը, համապատասխանն
է անոր կամքին, երբ 1965-ին, իր կտակին մէջ Ան խնդրած է որ իր մարմինը դրուի ճշմարիտ
հողին մէջ, ամենապարզ կերպով, մերժելով շիրիմն ու կոթողը եւ պահանջելով պարզ յուղարկաւորութիւն
ու աղօթք։ Աւանդաբար սակայն երանելի հռչակուած Պապերը ս. Պետրոսի պազիլիքայի դամբարանէն
կը տեղափոխուին Պազիլիքա` հաւատացեալներու մեծարանքի արժանանալու համար։ Այսպէս եղաւ
Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին համար, երբ 2001-ին, երանացումէն մի քանի ամիս ետք Անոր
մարմինը փոխադրուեցաւ Ս. Պետրոսի Պազելիքայ։