2014-10-16 11:18:17

Վերջ գտան Եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի աշխատանքային ''փոքր'' նիստերը։


(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014) - Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբեր 2014ին առաւօտեան, վերջ գտան` անցեալ երկուշաբթի սկիզբ առած` սիւնհոդոսի աշխատանքային ''փոքր'' խումբերու նիստերը, որոնք քննարկեցին եւ խորհրդածեցին, անցեալ երկուշաբթի ներկայացուած ''բանավէճէն ետք տեղեկագիրի'' մասին։

Այսօր առաւօտեան, սիւնհոդոսական ընդհանուր նիստի ընթացքին, աշխատանքային ''փոքր'' նիստերէն յառաջացած խորհրդածութիւնները յանձնուեցան Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի քարտուղարութեան որոնց հիման վրայ պիտի շարադրուի ''Սիւնհոդոսի վերջնական տեղեկագիրը'', որուն պաշտօնական ներկայացումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ` 18 հոկտեմբեր 2014-ին, եւ որուն աշխատանքը յանձնուած է Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան անձնակազմին` սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Էրտոյ, ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Պալտիսէրրի եւ յատուկ քարտուղար` գերապայծառ Ֆորթէ ինչպէս նաեւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետէն անուանուած այլ վեց սիւնհոդոսական հայրերու, Կարդինալ Ռավազին, Կարդինալ Ուէրլ, գերապայծառ Ֆերնանտէզ, գերապայծառ Ակիար Ռեթէս, գերապայծառ Քանկ եւ Յիսուսեաններու ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Բաքոնը։
Հինգշաբթի, 16 հոկտեմբերի առաւօտեան ընդհանուր նիստի ընթացքին բացի աշխատանքային ''փոքր'' նիստերու ուսումնասիրութիւններու ներկայացումներէն տեղի ունեցան նաեւ ազատ միջամտութիւններ, մինչ յետմիջօրէէն սկսեալ սիւնհոդոսական նիստերը ընդհատուեցան մինչեւ վաղը` ուրբաթ, 17 հոկտեմբերի յետմիջօրէին, երբ վերոնշեալ սիւնհոդոսական քարտուղարութեան անձնակազմը, սիւնհոդոսական հայրերուն կը ներկայացնէ`եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսի տեղեկագիրի նախագիծը վերջնական ուսումնասիրութեան մը համար, նախ քան անոր հրատարակումը։

Մամուլին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Վատիկանի բանբեր Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին, յայտնեց թէ աշխատանքային ''փոքր'' խումբերը բաժնուած էին 10 մասի, երեքը իտալերէն լեզուով, երեքը անգլերէն, երկուքը ֆրանսերէն եւ երկուքը սպաներէն։ Ան ապա հաստատեց թէ սիւնհոդոսական աշխատանքները յառաջ կ՛ընթանան ամենայն թափանցիկութեամբ եւ մասնակցութեամբ ու ապա յայտնեց թէ ''Սիւնհոդոսի վերջնական տեղեկագիրի'' շարադրութեան յանձնախումբի անդամ նշանակուեցան նաեւ Կարդինալ Նափիէն եւ գերապայծառ Հարդը։








All the contents on this site are copyrighted ©.