Ընդհանուր տեսութիւն Դիցաբանութիւնը հեթանոս ժողովուրդներուն
պաշտած չաստուածներուն մասին խօսող գիտութիւնն է: Այս չաստուածներուն ծագումին իբր սկիզբ
ծառայեցին բնութիւնն ու պատմութիւնը: Բնութիւն- Դիցաբանութեան ծնունդ տուող մեկնակէտերէն
մին է բնութիւնը: Երբ բնութիւն կ'ըսենք, կը հասկնանք օդը, ջուրը, հողը նաեւ աստղերը,
արեւն ու լուսինը: Եւ քանի որ մարդը այս երեւոյթներուն գիտական բացատրութիւնները չունէր,
ուստի ինքզինքն ու իր աշխարհը առաւ իբր չափանիշ ու բնութեան օրէնքներն ու երեւոյթները
մեկնաբա-նեց իր մարդկային հոգեբանութեան համեմատ: Բնութենէն ծագած դիցա-բանութեան նմոյշ
է, մեր մօտ, Վահագն չաստուծոյ ծնունդը.- «Երկնէր եր-կինք եւ երկիր...»: Ժողովուրդները
որոնք իրենց դիցաբանութիւնը մշակած են բնու-թենէն մեկնելով, երկու գլխաւոր խումբերու
կը բաժնուին. Լուսնային ժո-ղովուրդներու, որոնք հողամշակումով ապրող ցեղեր են, եւ արեգակնային
ժողովուրդներու, որոնք որսորդ ցեղեր են: Պատմութիւն- Պատմութենէն ծագած դիցաբանութեան
արմատը պատմական դէպք մը կամ անձնաւորութիւն մը եղած է, ինչպէս մեր պա-րագային` Հայկ
ու Բելի առասպելը կրնայ արձագանք ըլլալ ցեղախումբի մը երկրէ երկիր տեղափոխումներուն:
Մովսէս Խորենացին եւս այս պատմագիտական դպրոցին hետեւելով` Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամի կամ
Հայկ եւ Բելի առասպելները պատմական դէպքերու եւ անձնաւորու-թիւններու վերածած է:
Պատմական դիցաբանութիւնը կրնայ ծագում առնել նաեւ մարդոց հերոսապատում հէքիաթներէն, անսահման
երազներէն, ինչպէս` Հայոց Սասնայ Մհերը: Կրօններու համեմատական իրենց ուսումնասիրութեան
ընթացքին, գիտնականները նկատած են թէ բոլոր ազգերը անխտիր ունեցած են եւ ունին չաստուծոյ
մը պաշտամունքը եւ անոնց շուրջ հիւսուած դիցաբա-նութիւն մը: