2014-10-16 08:40:18

''Զանգուածային ռումբերը ոչնչացնելու արագ միջոցներ որդեգրել'' ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի կոչը։


(Ռ.Վ. 16 հոկտեմբեր 2014)''Զանգուածային ռումբերը ոչնչացնելու արագ միջոցներ որդեգրել'' ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտի կոչը։
Արագ միջոցներ որդեգրել ոչնչացնելու համար զանգուածային ռումբերը, սկսեալ հիւլէական եւ քիմիական ռումբերէն։ Այս եղաւ կոչը ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ Պէրնատիթօ Աուզային, չորեքշաբթի 15 հոկտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ գումարուած ՄԱԿ-ի նիստի ընթացքին ։
Գերապայծառ Աուզա, յատկապէս դատապարտեց առաջընթացի բացակայութիւնը՝ նուազեցնելու համար հիւլէական զէնքերը ինչպէս նաեւ այս առընչութեամբ հիւլէական զէնք ունեցող Պետութիւններու անկարողութիւնը՝ բանակցութիւններ սկսելու։
Գերապայծառ Աուզա ընդգծեց թէ դրամասիրութիւնը կը խրախուսէ քիմէական զէնքերու վաճառականութիւնը եւ պատերազմներ կը ստեղծէ որոնք մի միայն տառապանք կը պատճառեն եւ մարդու իրաւունքները կը խախտեն։
''Որքան ատեն որ շրջանառութեան մէջ մեծ քանակութեամբ հիւլէական զէնքեր կը գտնուին, նոր պատրուակներ կարող են ի յայտ գալ ռազմական գործողութիւններ սկսելու համար'' հաստատեց ՄԱԿ-ի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ գերապայծառ Աուզան իր խօսքին աւարտին։







All the contents on this site are copyrighted ©.