2014-10-15 13:40:37

Սրբուհի Թերեզա Աւիլայի ծննդեան հինգհարիւրերորդ ամեակի առթիւ յոբելինական տարի։


(Ռ.Վ. 15 հոկտեմբեր 2014) Սրբուհի Թերեզա Աւիլայի ծննդեան հինգհարիւրերորդ ամեակի առթիւ, (28 մարտ 1515-15 հոկտեմբեր 1582), Աւիլա քաղաքի Սրբուհի Թերեզայի անուան հրապարակին վրայ, Սպանիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը` Գերապայծառ Պլազքէզ, 15 հոկտեմբեր 2014-ին, հանդիսաւոր Սուրբ պատարագով, սկիզբ կու տայ Սրբուհի թերեզայի նուիրուած յոբելինական տարւոյն։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատգամ մը յղած է Աւիլայի եպիսկոպոս` գերապյածառ Կարսիա Պուրիլլոյի, որուն մէջ գրած է` 28 Մարտ 1515-ին Աւիլայի մէջ ծնաւ աղջնակ մը որ ապագային ճանչցուեցաւ որպէս Յիսուսի Սրբուհի Թերեզա։ Մինչ կը մօտենանք անոր ծննդեան հինգհարիւրերորդ տարեդարձին հայեացքս կ՛ուղղեմ առ Աստուած անոր շնոհակալութիւն յայտնելու մեզի շնորհած ըլլալու համար այս մեծ դէմքը եւ քաջալերելու թեմին հաւատացեալները մօտէն ճանչնալու սրբուհին ու անոր գործունէութիւնը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց Թերեզայի սրբակեաց կենցաղին ու ընդգծեց անոր կեանքի չորս յատկութիւնները` ուրախութեան ճանապարհը, աղօթքը, եղբայրութիւնը եւ նոյնինքն ժամանակը։
Թերեզան իր քոյրերը կը հրաւիրէր քալել միշտ ծառայութեան ուրախութեան ճանապարհով։ Իսկական սրբութիւնը ուրախութիւնն է յայտնեց Քահանայապետը ու հաստատեց թէ սրբութիւնը կ՝անցնի աղօթքի ճանապարհէն որ է Աստուծոյ հետ բարեկամութեան արտայայտութիւն։ Աղօթելու համար պէտք չէ շատ մտածել այլ պէտք է սիրել ու նայիլ Աստուծոյ աչքերով ու վկայել զայն առանց յոյսի աշխարհի մը մէջ, ցոյց տալով Անոր անհուն Սէրը։ Աղօթքը կը յաղթահարէ որեւէ յորետեսութիւն եւ կը յառաջացնէ դրական ձեռնարկներ` այս է Թերեզայի ուսուցումը` գործ եւ ոչ թէ զգացում, սէր փոխան երազներուն։ Սրբուհի թերեզան ապրեցաւ իր ժամանակի մեծ դժուարութիւնները սակայն չվհատեցաւ ու շարունակեց ապրիլ յոյսը ընթանալով սրբութեան ճանապարհէն` Քարմելիթեան ընտանիքին, Աւիլայի հաւատացեալներու եւ բոլոր Սպանացիներուն թողելով հարուստ ժառանգութիւն մը։ Ժամանակն է ուղեւորութեան՝ ուրախութեան ճանապարհի վրայ, աղօթքով, եղբայրսիրութեամբ եւ շնորհքով ապրուած ժամանակին մէջ գրեց Քահանայապետը պատգամին աւարտին բոլորէն հայցելով որ աղօթեմ իրեն համար եւ Աստուածային օրնհութիւններ հայցելով բոլորին։








All the contents on this site are copyrighted ©.