Հայկական գրադարաններու միջազգային երրորդ համաժողով
Հայաստանի մէջ 2014 թուի 6-էն 7 Հոկտեմբերին` գումարուեցաւ Հայկական Գրադարաններու Միջազգային
Երրորդ Համաժողովը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական կարգերու
ներկայացուցիչներ, Հոգեւորականներ, պաշտօնական անձնաւորութիւներ, հայկական մշակութային
և կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան
անունով ներկայ գտնուեցաւ Հ. Մովսէս Վրդ. Տօնանեան: Երկուշաբթի 6 Հոկտեմբեր 2014-ին
առաւօտեան, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած ջերմ ընդունելութենէն ետք յարգարժան
ժողովականները հերթաբար ներկայացուցին իրենց աշխատանքները և ծրագիրները: Երեւանի Ազգային
Գրադարանի տնօրէն՝ Պրն. Տիգրան Զարգարեան իր խօսքին մէջ շեշտեց թէ այս համաժողովը օգտաւէտ
է և պէտք է փնտռել համագործակցութեան նոր ուղիներ հայագիտական կեդրոններու միջեւ։ Երեւանի
Ազգային Գրադարանի կողմէ նախաձեռնուած և թուայնացուած «Հայ հնատիպ գրքի» շտեմարանը (1512-1800
թթ.) կ'ընդգրկէ 743 վերնագիր. ասոնք Հայաստանի մէջ գտնուող գիրքերն են: Այս թուայնացուած
գիրքերուն ցանկը գտնելու համար՝ դիմել հետեւեալ կայքին. http://www.flib.sci.am/arm/node/2: Մեծ
Եղեռնի 100-ամեակի ուղղութեամբ, շարունակեց ան, Ազգային Գրադարանը, Հայոց Ցեղասպանութեան
վերաբերող մեծ քանակութեամբ հայերէն թէ օտար լեզուով գիրքեր հաւաքած է և 2015-ին «Քասքատին»
մէջ ցուցահանդէս պիտի կազմակերպուի: Ուստի կոչ ուղղեց Սփիւռքի գրադարաններուն իրենց մասնակցութիւնը
բերելու այս ցուցահանդէսին: Ան առաջնահերթ նկատեց հայ գիրքի և մամուլի շտեմարանի հարստացման
և ճոխացման աշխատանքները շարունակելը: Պրն. Զարգարեան շեշտեց նաեւ գրքափոխանակումի կազմակերպումի
մասին՝ հայագիտական հաստատութիւններու միջեւ: