2014-10-15 13:36:43

Կաթողիկէ Ժողովրդապետական նոր կեդրոնի մը բացումը Արաբական Էմիրութիւններուն մէջ, ներկայութեամբ մշակոյթի նախարարին։


(Ռ.Վ. 15 հոկտեմբեր 2014) Արաբական Էմիրութիւններու մշակոյթի նախարարի ներկայութեամբ, 9 Հոկտեմբեր 2014ին, Ապու Տապիի մէջ, տեղի ունեցաւ բացումը Ս. Յովսէփի կաթողիկէ ժողովրդապետական կեդրոնին։
Հարաւային Արաբիոյ առաքելական տեղապահը գերապայծառ Փոլ Հինտէր իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կառավարութեան` որ ամէն դրութիւններ ընծայեց պատշաճ արտօնագիրները ստանալու կեդրոնին շինարարութիւնը իրականացնելու համար։
Իր կարգին մշակոյթի նախարարը Շէյխ ալ Նահեան իր խօսքին մէջ վերահաստատեց Արաբական Էմիրութիւններուն քաղաքականութիւնը` երաշխաւորելու տարբեր համայնքներու իրաւունքն ու յարգանքը։
Նշենք որ Արաբական Էմիրութիւններու չորս միլիոն բնակիչներուն 70 տոկոսը օտար բանուորներէ կազմուած է։ Անոնց 50 տոկոսը քրիստոնեաներ են, կաթողիկէները կը հաշուեն շուրջ մէկ միլիոն ու անոնց մեծամասնութիւնը եկած է Հնդկաստանէն ու Ֆիլիփինեան կղզեխումբէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.