2014-10-14 09:11:20

Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային ''փոքր'' նիստերը կը քննարկեն ներկայացուած ''Բանավէճէն ետք տեղեկագիրը''։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2014ին առաւօտեան, Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող` Կարդինալ Փիթէր Էրտոյ, ժողովականներուն ներկայացուց ''Ընդհանուր բանավէճէն ետք տեղեկագիրը'', որ կ՛ընդգրկէր առաջին շաբթուայ աշխատանքային նիստերու ընթացին արծարծուած հարցերն ու առաջարկուած նիւթերը, հիմնուած սիւնհոդոսական հայրերու ներկայացուցած 180 միջամտութիւններու վրայ։

Տեղեկագիրի ներկայացումէն ետք սկիզբ առին ''աշխատանքային փոքր խումբերու'' նիստերը որոնց պարտականութիւնն է` իրենց կարգին քննարկել ներկայացուցած տեղեկագիրը եւ սիւնհոդոսական քարտուղարութեան ներկայացնել պէտք եղած առաջարկներն ու թելադրանքները, որոնց հիման վրայ կը շարադրուի ''Սիւնհոդոսի վերջնական տեղեկագիրը''։

Տեղեկագիրի նախագիծը սիւնհոդոսական հայրերուն կը ներկայացուի ուրաբթ` 17 հոկտեմբերի յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին, անոնց առիթ տալով միասնաբար խորհրդածելու եւ պէտք եղած վերջնական առաջարկները ներկայացնելու պաշտօնական տեղեկագիրի շարադրութեան համար, որուն ներկայացումը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ` 18 հոկտեմբեր 2014-ին, եւ որուն աշխատանքը յանձնուած է Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան` սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Կարդինալ Էրտոյի, ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Պալտիսէրրիի եւ յատուկ քարտուղար` գերապայծառ Ֆորթէի եւ անցեալ շաբաթ 11 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ նշանակուած այլ վեց սիւնհոդոսական հայրերու, Կարդինալ Ռավազին, Կարդինալ Ուէրլ, գերապայծառ Ֆերնանտէզ, գերապայծառ Ակիար Ռեթէս, գերապայծառ Քանկ եւ Յիսուսեաններու ընդհանուր մեծաւոր` Հայր Ատոլֆօ Նիքոլաս Բաքոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.