2014-10-14 09:58:43

20 հոկտեմբերի Կարդինալական վեհաժողովը պիտի քննարկէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութիւնը։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Յառաջիկայ երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9-ին, Վատիկանի սիւնհոդոսական սրահին մէջ, Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը կը նախագահէ կարդինալական վեհաժողովը զոր սկիզբ կ՛առնէ Երրորդ Ժամու ժամասացութեամբ։
Կարդինալական վեհաժողովի գլխաւոր նիւթերն են.
- Երանելի Հայր Ճուզեփփէ Վազի եւ Երանելի Քոյր Մարիա Քրիսդինա Տէլլիմմաքոլաթա Քոնչէցիոնէի սրբադասումը։
- Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակը եւ Եկեղեցւոյ յանձնառումը ի սպաս տարածաշրջանի խաղաղութեան։
Վերոյիշեալ ժողովին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով կը մասնակցին նաեւ արեւելեան եկեղեցիներու պատրիարքները որոնք Հռոմ կը գտնուին ''Ընտանիքի'' մասին գումարուած եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսին առթիւ։
Յայտնենք որ անցեալ 2 – 4 Հոկտեմբեր 2014, Վատիկանի մէջ գումարուեցաւ նաեւ մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակներու եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուներուն ժողովը, որուն գլխաւոր նիւթը հանդիսացաւ ''Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու գոյատեւման հարցը'' եւ որուն աւարտին Ժողովական հայրերը իրենց հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ մօտիկութիւն յայտնեցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն, հովիւներուն, քրիստոնեայ հաւատացեալներուն եւ այլ փոքրամասնութիւններուն, ապահովեցնելով իրենց ու համայն Եկեղեցւոյ աղօթքները։ Անոնք ապա կոչ ուղղեցին բռնութիւններու դադրեցումին եւ հրամայական նկատեցին վերջ տալ պատերազմներուն որոնք բազմաթիւ զոհեր եւ աւերներ կը գործեն։ Ժողովական հայրերը դատապարտեցին մարդկային իրաւունքներու խախտումները ինչպէս նաեւ ապօրինի զինավաճառը, դատապարտեցին ծայրայեղ խմբակներու գործած բռնութիւնները, յատկապէս այսպէս կոչուած ''Իսլամ Պետութիւնը'' ու անոր գործած ահաբեկչական արարքները, շեշտելով թէ ''միջազգային հասարակութիւնը չի կրնար լուր եւ անշարժ մնալ մարդկային կոտորածի դիմաց եւ թէ միջազգային օրէնքը յարգելով հարկաւոր է կասեցնել անարդար բռնաբարը։
''Կարելի չէ մտածել Միջին Արեւելք մը առանց Քրիստոնեաներուն, որոնք երկու հազար տարիներէ կը դաւանին Յիսուսին Անունը'' գրեցին մերձաւոր արեւելքի երկիրներուն մէջ գործող առաքելական նուիրակները եւ Հռոմի Քուրիայի վերին վարչութեան պատասխանատուները իրենց հրատարակած հաղորդագրութեան աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.