2014-10-14 12:28:55

15 – 17 հոկտեմբեր, ''Անօգուտ ջարդ. Կաթողիկէները եւ Սուրբ Աթոռը առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ'' նիւթով։ Վատիկանի մէջ միջազգային զրոյց։


(Ռ.Վ. 14 հոկտեմբեր 2014) Քահանայապետական պատմագիտական կոմիտէի Հռոմի մէջ Հունգարական Ակադեմիայի եւ Քրիստոնէութեան ուսումնասիրութեան պատմութեան միջազգային յանձնախումբի համագործակցութեամբ Հռոմի մէջ կազմակերպուած է միջազգային զրոյց որուն խորագիրն է ''Անօգուտ ջարդ. Կաթողիկէները եւ Սուրբ Աթոռը առաջին համաշխարհային պատերազմի մէջ''։
Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ ու կը շարունակուի 16 հոկտեմբերին` Սուրբ Պիոս Ժ քահանայապետի անուան սրահին մէջ ու ապա վերջ կը գտնէ Հունգարական Ակադեմիայի Հռոմի կեդրոնին մէջ` 17 հոկտեմբերին։
Վերոյիշեալ համագումարի կէտնպատակն է վերյիշել համաշխարհային առաջին պատերազմը ու լուսարձակի տակ դնել այդ տարիներու պատմութիւնը` դիտուած հաւատացեալներու աչքերով։
''Անօգուտ ջարդ'' բառերը կը յատկանշեն առաջին աշխարհամարտի ողբերգութիւնը. ''Բառեր գործածուած երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԵ քահանայապետի կողմէ, 1917-ի օգոստոս մէկին, Պետական իշխանութիւններու յղած իր պատգամին մէջ, զանոնք հրաւիրելով վերջ դնել հակամարտութեան եւ դիմել խաղաղութեան ճանապարհին''։ Համագումարին կը մասնակցին պատմաբաններ եւ մասնագէտներ ինչպէս նաեւ կ՛ուսումնասիրուին այլազան նիւթեր հայող` պատերազմի հետեւանքներուն ու անոնց ստեղծած ընկերութեան իրականութեան, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կեցուածքին յաչս պատերազմներուն եւ հակամարտութիւններուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.