2014-10-13 13:07:35

Յայտարարուեցաւ 2015-ի հոկտեմբերին նախատեսուած եպիսկոպոսական սինհոդոսի նիւթը` ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) Երկուշաբթի, 13 Հոկտեմբեր, 2014-ի առաւօտեան, Վատիկանի մէջ, 4 – 19 հոկտեմբեր գումարուած, Ընտանիքի մարտահրաւէրներուն հայող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի նիստին ընթացքին, յայտարարուեցաւ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, յառաջիկայ 2015-ի Հոկտեմբեր 4 – 25, Վատիկանի մէջ գումարած է սիւնհոդոսական սովորական ընդհանուր ԺԴ սիւնհոդոսը, որուն նիւթը պիտի ըլլայ ''Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը Եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհի մէջ''։
Յայտնենք որ վերոյիշեալ սիւնհոդոսը շարունակութիւնը կը հանդիսանայ այս օրերուն Վատիկանի մէջ տեղի ունեցող եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որուն նիւթն է ''Ընտանիքի հովուական մարտահրաւէրները աւետարանութեան շրջագիծէն ներս'։








All the contents on this site are copyrighted ©.