2014-10-13 13:43:21

Հայկական Պատմական յուշարձաններու թուայնացման ծրագիրի մեկնարկին նուիրուած ձեռնարկ Ուաշինկթընի մէջ։


ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեանի հովանիի ներքոյ «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը «ՍայԱրք» միջազգային մշակութային ժառանգութեան թուայնացման պահպանման ոչ կառավարական կազմակերպութեան հետ համատեղ Հոկտեմբեր 8-ին իրականացուց ձեռնարկ, որ նուիրուած էր
«CyArk’s 500 Challenge» նախաձեռնութեան մեկնարկին: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ լրատուական ծառայութենէն:
Նախաձեռնութիւնը պիտի հետապնդէ երկու հիմնական նպատակ: Նախ` «ՍայԱրք»-ի մասնագէտները «Թումօ» կեդրոնի ուսանողներուն պիտի սորվեցնեն ճարտարապետական կոթողներու թուայնացման լազերային նոր ձեւեր: Այնուհետեւ` այդ երկու կառոյցները համատեղ պիտի իրականացնեն հայկական պատմական 500 յուշարձանի թուային փաստաթղթաւորումը: Որուն հետեւանքով պիտի ստեղծուին այդ կոթողներու 3D նմուշները, որոնք պիտի պահուին համացանցի վրայ` միջանկեալ ձեւով առցանց գործող համապատասխան կայքի մէջ:
«CyArk’s 500 Challenge»-ը միջազգային նախաձեռնութիւն է, սակայն այն առաջին անգամ պիտի իրականացուի Հայաստանի մէջ:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեան, որ համոզում յայտնեց, որ երիտասարդութեան կրթութեան գործին մէջ նոր արհեստագիտութիւններու ներդնումը մեր երկրի ապագայի հրամայականներէն է:
Նախաձեռնութեան մեկնարկին նուիրուած ձեռնարկին հաւաքուած հիւրերուն առջեւ ելոյթով հանդէս եկան «Թումօ» կեդրոնի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան, ինչպէս նաեւ «Թումօ»-ի եւ «ՍայԱրք»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Սարաֆեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.