2014-10-13 09:42:18

«Հանրապետութեան Նախագահ մը չընտրելը ամօթի կնիք է Լիբանանեան խորհրդարանի ճակատին» ըսաւ Ռայի Պատրիարքը։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որ Հռոմի մէջ կ մասնակցի ''ընտանիքի'' մասին գուրմարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, կիրակի 12 հոկտեմբերին, Հռոմի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ նախագահած պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ յայտնեց, որ լիբանանեան խորհրդարանը իր 13-րդ նիստին ընթացքին ալ ձախողած է հանրապետութեան նախագահ մը ընտրել` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
«Նկատի ունենալով, որ Լիբանանի նախագահական աթոռը հինգ ամիսէ ի վեր թափուր կը մնայ, ասիկա ամօթի կնիք մըն է լիբանանեան խորհրդարանի ճակտին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ խորհրդարանը իր պարտականութիւնները չի կատարեր եւ յուսախաբութեան մատնած է լիբանանցիները, որոնք իրեն վստահած են նախագահական ընտրութիւնն ու երկրին օրէնսդրական պարտականութիւններուն կատարումը:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց խորհրդարանին նախաձեռնելու հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութեան` աւելցնելով, որ Լիբանան կարիքը ունի նախագահի մը, որ իր նկարագիրով, պարկեշտութեամբ, չէզոքութեամբ, հոգեկան եւ բարոյական զօրութեամբ եւ Լիբանանի ու անոր սահմանադրական հաստատութիւններուն նկատմամբ իր նուիրումով կրնայ երկիրը դէպի ապահով ափ առաջնորդել:








All the contents on this site are copyrighted ©.