2014-10-13 10:32:10

16 հոկտեմբերին նախատեսուած է եւրոպական վեհաժողով մը նուիրուած Էպոլայի համաճարակին։


(Ռ.Վ. 13 հոկտեմբեր 2014) Էպոլայի համաճարակը արդէն աւելի քան չորս հազար զոհեր պատճառած է, որոնց մեծամասնութիւնը ափրիկեցիներ են, կը հաղորդագրէ ՄԱԿի առողջապահութեան կազմակերպութիւնը, մատնանշելով որ սպառնալիքը համաշխարհային է եւ այդ պատճառաւ պատասխանը եւս պէտք է ըլլայ համաշխարհային գետնի վրայ։
Այս ուղղութեամբ Եւրոպայի Միութիւնը արտագարգ վեհաժողով մը պիտի գումարէ Պրիւքսէլի մէջ, յառաջիկայ 16 հոկտեմբերին, պատշաճ պատասխան մը որոնելու համաճարակին եւ քննարկելու թէ ի՞նչպէս պաշտպանել բնակչութիւնը մահաբեր հիւանդութենէն։ ՄԱԿը իր կարգին կը յայտնէ որ համաճարակի զոհերը ամէն ամիս կը բազմապատկուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.