2014-10-12 12:57:20

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը


(Ռ.Վ. 12 հոկտեմբեր 2014) Կիրակի, 12 հոկտեմբերին, կէսօրին, Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն, արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ այդ առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ ընդգծեց Աստուծոյ ՝մեզի ուղղած հրաւէրին երեք յատկութիւնները։ Աստուծոյ հրաւէրը անվճար է, ուղղուած բոլորին՝ աղքատներու թէ հարուստներու, ու ապա Տիեզերական է, այսինքն՝ ուղղուած է բոլոր աշխարհի մարդոց եւ ամէնքս կանչուած ենք անխտաբար համապատասխանելու Աստուծոյ հրաւէրին։
Հուսկ Մարմեան աղօթքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներէն խնդրեց Տիրամօր բարեխօսութեան յանձնել՝ հաւատքի պատճառով հալածուած մեր եղբայրներն ու քոյրերը՝ եւ անոնց յոյսերն ու ողբերգութիւնները։ Ինչպէս նաեւ հայցել Տիրամօր հովանին եպիսկոպոսաց սիւնհոդասական հայրերուն վրայ։
Ֆրանչիսկոս Պապը , ապա ակնարկեց վերջերս Իտալիոյ Ճէնովա Քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ջրհեղեղի պատճառած զոհերուն եւ աւերներուն եւ Ճէնովայի համայն բնակչութեան ապահովցուց իր աղօթքն ու մօտիկութիւնը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.