2014-10-11 13:41:40

Քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներու զեկոյցներով վերջ գտաւ Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի աշխատանքային առաջին հանգրուանը։


(Ռ.Վ. 11 հոկտեմբեր 2014) 5 – 19 հոկտեմբեր, Վատիկանի մէջ գումարուած եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսը որուն կը մասնակցին 191 սիւնհոդոսական հայրեր, որոնց շարքին' 61 կարդինալ, 7 պատրիարք, 1 աւագ արքեպիսկոպոս, 67 արքեպիսկոպոս, 47 եպիսկոպոս, 1 օգնական եպիսկոպոս, 1 գերյարգելի եւ 6 կրօնաւոր։ Ասոնց աւելցնելու ենք` 16 մասնագէտներ, 38 ունկնդիրներ, 12 պսակուած զոյգեր եւ 8 քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ որոնք ուրբաթ 10 հոկտեմբերի յետմիջօրէի` 10-րդ նիստին ընթացքին ունեցած իրենց ելոյթներով եզրափակեցին Սիւնհոդոսական նիստերու առաջին շաբաթուայ գործունէութիւնը տրուած ըլլալով որ այսօր` շաբաթ 11 հոկտեմբերին եւ վաղը` կիրակի, 12 հոկտեմբերին սիւնհոդոսական աշխատանքային նիստերը ընդհատում կ՛արձանագրեն պատրաստելու համար ''բանավէճէն ետք տեղեկագիրը'' ։
Իրենց զեկոյցներուն մէջ Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները նախ շնորհակալութիւն յայտնեցին` Ֆրանչիսկոս Պապին եւ սիւնհոդոսական հայրերուն, իրենց ուղղուած հրաւէրին մասնակցելու սիւնհոդոսական նիստերուն ու ապա ներկայացուցին իրենց Եկեղեցիներու հայող ընտանիքի հարցերը, մատնանշելով թէ ինչպէս ընտանիքին հայող մարտահրաւէրներն ու յոյսերը նոյնն են բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ Ընտանիքը արդարեւ հիմնական կառոյց մըն է ընկերութեան համար եւ հաղորդութեան ու արդարութեան լիակատար հիմք մըն է։ Անոնք յայտնեցին որ ամունալուծեալներու հիւրընկալութիւնը Եկեղեցւոյ ծիրէն ներս, կրնայ նոր յոյսեր ներշնչել նաեւ ընկերութեան համար, եւ թէ Եկեղեցին հանդիսանալու է տառատպեալներու նեցուկ, ունկնդրութեան միջոցաւ եւ ոչ թէ դատապարտումի ճանապարհով։
Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ապա շեշտը դրին ընտանեկան կառոյցին որպէս հաւատքի առաջին դպրոց եւ վայր` ուր կը դաստիարակուի Բարի Լուրը ճանչնալ ու զայն հաղորդել, ուստի կարեւոր կը նկատուի որ քրիստոնեաները կիսեն այս ''Աւետարանի ուրախութիւնը'' զոր Ֆրանչիսկոս Պապը յաճախ կը յիշեցնէ։
Քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները մատնանշեցին ամուսնալուծումի հարցին իրենց եկեղեցիներէն ներս հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս տարած ջանքերուն, այս առընչութեամբ ընդգծելով արեւելքի քրիստոնեայ ընտանիքներուն պատասխանատութիւնը աւետարանութեան շրջագիծէն ներս։ Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները ապա մաղթանք յայտնեցին որ Ընտանիքի մասին Սիւնհոդոսի աշխատանքները յաջողութեամբ պակասուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.