Հայաստան ստորագրեց Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու փաստաթուղթերը: Այս մասին
կը յայտնէ Armenpress-ը։ Ստորագրութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Մինսկի
մէջ Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին: ԵՏՄ լիիրաւ անդամակցութեան Հայաստանի
պայմանագիրը ստորագրեց ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ԵՏՄ
միւս անդամ-պետութիւններուն` քաղաքական աջակցութեան համար եւ ընդգծեց, որ Հայաստան պատասխանատւութեամբ
կը վերաբերի իր անդամակցութեան: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ ԵՏՄ անդամները իրենց
խորհրդարաններու մէջ մինչեւ տարեվերջ պիտի վաւերացնեն պայմանագիրը, որպէսզի, Հայաստանը
եւս Յունուար 1-էն դառնայ լիիրաւ անդամ: