2014-10-10 07:38:54

Ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ արժանացաւ Գրականութեան Նոպելեան մրցանակին։


Նոպելեան մրցանակի «Թուիթըր» ընկերային ցանցին պաշտօնական էջը կը հաղորդէ, որ այս տարի գրականութեան Նոպելեան մրցանակին արժանացած է ֆրանսացի գրող Փաթրիք Մոտիանօ:
Մոտիանօ մրցանակին արժանացած է «յիշողութեան արուեստին համար, որուն միջոցով ան նկարագրած է մարդկային ամէնէն աներեւակայելի ճակատագիրները եւ բացայայտած կեանքը շրջափակման մէջ», կը նշուի Նոպելեան յանձնաժողովի նամակին մէջ:
Հեղինակի գիրքերուն մեծամասնութիւնը հիմնուած է անոր կեանքին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն Ֆրանսայի շրջափակման ժամանակաշրջանի իրադարձութիւններուն վրայ:
Մէկ օր առաջ Քիմիագիտութեան մարզին մէջ Նոպելեան մրցանակի դափնեկիր դարձած էին Էրիք Պեթսիկ, Սթեֆըն Հել եւ Ուիլիըմ Մեռներ: Անոնք մրցանակի արժանացած են գերֆլուորեսցենթիք մանրադիտակի մշակման համար: Այդ մեթոտով կարելի է ուսումնասիրել կենսաբանական բջիջներու կառուցուածքը, ինչ որ կարեւոր է նոր դեղերու ստեղծման համար:
7 հոկտեմբերին բնագիտութեան մարզին մէջ Նոպելեան մրցանակի արժանացած են Իսամու Աքասաքի, Հիրոսի Ամանօ եւ Սիուձի Նաքամուրա: Երեք գիտնականները ստեղծած են աժան կապոյտ լուսատիոտային լամբեր, որոնք ծանօթ են կապոյտ ԼԵՏ անունով:
Բնախօսութեան եւ բժշկութեան մարզին մէջ մրցանակի արժանացած են Մայպրիթ եւ Էտուըրտ Մոզըրնըր ամոլը, ինչպէս նաեւ Ճոն Օ՛Քիֆի:
Պարգեւատրման արարողութիւնը, ըստ աւանդութեան, տեղի պիտի ունենայ 10 դեկտեմբերին` Նոպելեան մրցանակի հիմնադիր շուէտացի գիտնական Ալֆրետ Նոպելի մահուան օրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.