2014-10-10 10:06:46

Ընտանիքի մասին եպիսկոպոսական Գ արտակարգ սիւնհոդոսը կ՛եզրափակէ առաջին շաբաթուայ գործունէութիւնը։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 10 հոկտեմբեր 2014-ին, Վատիկանի մէջ, Ընտանիքի մասին գումարուած Գ արտակարգ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը, որուն կը մասնակցին աշխարհի չորս ծագերէն ժամանած 191 սիւնհոդոսական հայրեր եւ այլ մասնագէտներ ու հրաւիրուած անձնաւորութիւններ, կ՛աւարտէ իր առաջին շաբաթուայ գործունէութիւնը, քոյր եկեղեցիներու պատուիրակներու զեկուցումներու ներկայացումով որոնք տեղի կ՛ունենան յետմիջօրէի նիստերու ընթացքին։ Մինչ վաղը եւ միւս օրը նիստերը ընդհատում կ՛արձանագրեն եւ կը վերսկսին երկուշաբթի` 13 հոկտեմբերին։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ սիւնհոդոսի առթիւ բազմաթիւ վայրերու մէջ նախատեսուած են աղօթքներ եւ արարողութիւններ սիւնհոդոսի գործունէութեան արդիւնաւէտ ընթացքին համար. Այս ուղղութեամբ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը եւս, ուրբաթ, 10 հոկտեմբերը, հռչակած է աղօթքի եւ ծոմապահութեան օր ընտանիքի մասին գումարուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։
Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերին, սիւնհոդոսի նիստերու ընթացքին շօշափուած նիւթերը եղան` ''հովուական դժուար պարագաները. նոյն սեռի պատկանող անհատներու միջեւ միութիւնը ու ապա ''Հովուական մարտահրաւէրը ի սպաս կեանքին''։
Ժողովական հայրերը խորհրդածեցին ամուսնալուծուած զոյգերու ս. հաղորդութիւն ստանալու հարցին շուրջ ընդգծելով ամուսնութեան անլուծանելիութիւնը եւ միւս կողմէն նկատի առնելով թէ հարկ է ամէն մէկ ''իրավիճակ'' քննարկել առանձին։ Հովուական խնամակալութիւնը պէտք չէ ''բացառէ'' այլ պէտք է ըլլայ ողորմած` որովհետեւ Եկեղեցւոյ խորհուրդը մխիթարական խորհուրդ մըն է – յայտնեցին եպիսկոպոսները։ Նիւթերու շարքին անոնք քննարկեցին նաեւ ''փաստացի միութիւններու'' հարցը։ Շեշտը դրուեցաւ դարձեալ եկեղեցւոյ ոճին եւ լեզուին վրայ որ պէտք է կարողանայ ներգրաւել հաւատացեալներն ու անհաւատը եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդիկը, բացայայտելու համար ընտանիքի տիպար մը որ նպաստէ մարդկային ամբողջական զարգացումին ու անոր բարեկեցութեան հասարակութեան ներքոյ։ Խօսուեցաւ նաեւ որոշ երեւոյթներու մասին ինչպէս վիժումը, կամ մանկասպանութիւնը, կիներու դէմ բռնութիւնը եւ մարդավաճառութիւնը...եւ հակա բեղմնաւորութեան ժխտական ազդեցութիւնը ընկերութեան վրայ։ Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ դարձեալ աշխարհականներու կարեւոր դերին ընտանիքի աւետարանումի առաքելութեան ծիրէն ներս։

Հինգշաբթի, 9 հոկտեմբերի յետմիջօրէի նիստերու կեդրոնական նիւթերէն մին եղաւ` ''ի սպաս կեանքին հովուական մարտահրաւէրը'' ու այս առընչութեամբ հրաւէր ուղղուեցաւ հաւատացեալներուն սերտել եւ խորացնել Պօղոս Զ քահանայապետի '' Humanae Vitae'' շրջաբերական թուղթը նուիրուած` ս պսակի վարդապետութեան եւ կեանքին սրբութեան։ Սիւնհոդոսական հայրերու զեկուցումներու ընդմէջէն շեշտը դրուեցաւ դարձեալ ս. պսակի խորհուրդի` զոյգերու պատշաճ նախապատրաստութեան անհրաժեշտութեան վրայ, հաստատելով թէ ամուսնութիւնը` կեանքի ի սպաս կոչում մըն է։ Ամուսնութեան անվաւերութեան գծով մատնանշուեցաւ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կողմէ, անցեալ 20 սեպտեմբեր 2014-ին ստեղծուած յատուկ յանձնախումբին, որուն պարտականութիւնն է ուսումնասիրել եկեղեցական ամուսնութեան կանոնական բարեփոխումները։ Խօսքը կեդրոնացաւ նաեւ քահանաներու պատշաճ պատրաստութեան` Սուրբ Պսակի եւ Ընտանիքի հովուական գործունէութեան, մատնանշելով թէ անհրաժեշտ է լաւ կազմաւորում եւ լաւ տեղեկութիւն, որովհետեւ քահանային հոգեւոր սրբութիւնը ու անոր ստեղծագործութիւնը ինչպէս նաեւ անոր անմիջական կապը ընտանիքներուն հետ յատուկ օրէն գնահատուած են հաւատացեալներէն։ Խօսուեցաւ գաղթականներու եւ ընտանիքներու միջեւ կապի մասին, հրաւիրելով գաղթականութեան հայող միջազգային քաղաքականութիւնը, աւելիով պահպանելու ընտանեկան միութիւնը։
Շեշտուեցաւ ապա ամուսնալուծուած ու դարձեալ պսակուած զոյգերու ապաշխարանքի ընթացք մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ ամուսնալուծեալ զոյգերու զաւակներու երաշխաւորումը ու անոնց դաստիարակութիւնը։
Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար կարդինալ Պալտիսսէրի յայտնեց թէ սիւնհոդոսի առաջին ութը նիստերու ընթացքին սիւնհոդոսական հայրերը 180 միջամտութիւններ ունեցած են, մինչ այլ 80 միջամտութիւններ տեղի ունեցած են ազատ բանավէճերու ընթացքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.