2014-10-10 17:12:55

Եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի հայրերու պատգամը հակամարտութիւններու պատճառաւ տառապող ընտանիքներուն։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Ուրբաթ, 10 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուած ընտանիքի նիւթին մասին եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի հայրերը պատգամ յղեցին բռնութիւններու պատճառով տառապող ընտանիքներուն որուն մէջ անոնց մօտիկութիւն յայտնեցին բոլոր ընտանիքներուն, յատկապէս աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ գտնուող ընտանիքներուն համար, որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքի կամ կրօնի եւ ցեղի պատկանելիութեան պատճառով ստիպուած եղած են լքել իրենց բոլոր սեփական ինչքերը եւ դիմել դէպի անյայտ ապագայ։
Սիւնհոդոսական Հայրերը, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հետ միասնաբար, պատգամին մէջ հաստատեցին թէ ''ոչ մէկը կրնայ Աստուծոյ անունը շահագործել բռնութիւններ բանեցնելու կամ սպաննելու համար'', եւ թէ ''Աստուծոյ անունով սպաննելը ամենամեծ սրբապղծութիւնը կը նկատուի''։.
Պատգամին մէջ, երախտագիտական հոգիով, Եպիսկոպոսները շնորհակալութիւն յայտնած են միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ այն բոլոր երկիրներուն, որոնք աջակցութիւն ցուցաբերած են տառատպեալ բնակչութեան, հրաւէր ուղղելով բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց խնամելու եւ օժանդակելու բռնութիւններու թիրախ անմեղ զոհերուն, հայցելով նաեւ Միջազգային հասարակութենէն ջանքեր չի խնայել Իրաքի մէջ վերահաստատելու համար խաղաղ համակեցութիւնը։
Եպիսկոպոսները իրենց պատգամին մէջ յիշեցին նաեւ աշխարհի բոլոր ընտանիքները, որոնք բռնութիւններու ենթարկուած են։
Պատգամի աւարտին, եպիսկոպոսները բոլոր տառապող ընտանիքներուն ապահովեցին իրենց աղօթքը որպէսզի Ողորմութեան Տէրը դարձի բերէ սիրտերը եւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց որ կարիքը ունին եւ դժուարութեան մէջ կ՛ապրին։
Անոնք ապա հայցեցին Նազարէթի Ընտանիքէն, որ ապրեցաւ գաղթականութեան ցաւալի ուղին, իւրաքանչիւր ընտանիքէն ստեղծէ՝ սիրոյ եւ համերաշխութեան հասարակութիւն մը եւ յոյսի աղբիւր՝ բովանդակ աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.