2014-10-10 09:16:09

2015 «Կրօնաւորական կեանք»ի տարի


Ուրբաթ 29 նոյեմբեր 2013ին. Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կրօնաւորական միաբանութիւններու Ընդհանուր Մեծաւորներու միութեան` 120 անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին ներկաներուն տեղեկացուց թէ 2015-ը պիտի ըլլայ «կրօնաւորական կեանք»ի նուիրուած տարի:
Մեծապէս համոզուած ենք որ «Կրոնաւորական Կանք»ի տարին պիտի նպաստէ հաւատացեալներու հոգիները սնուցանելու եւ ծանօթացնելու` կրօնաւորական կեանքի ինքնութեան ու առաքելութեան մասին` պատրաստուած խորհրդածութիւններով, որոնք կը սփռուին ամէն ուրբաթ օր Վատիկանի ձայնասփիւռէն:
Այս տարւոյն կէտնպատակներն են ինչպէս կը յայտնէ Կարտինալ Տէ Ավիզ` կառավարիչը կրօնաւորական միաբանութիւններու ժողովի. վերապրիլ Տիեզերական ժողովի կրօնաւորական միաբանութիւններու հայող վաւերաթուղթին ոգին, որ է «հաւատարմութիւն Տիրոջ, Եկեղեցւոյ ու միաբանութեան»: Ասիկա բարեպատեհ առիթ մըն է համոզումով ապրելու վաւերաթուղթի ցուցմունքները ու յոյսով դիտելու եւ ապրելու ապագան:
2015-ին, կ՛աւելցնէ Կարտինալ Տէ Ավիզ, «նուիրեալ անձերը» կանչուած են վերաւետարանացումի եւ վկայութիւն տալու` Յիսուսի հետեւելու իրենց կոչումին, ու իրենց կոչումին ապրումով հրաւիրելու աշխարհը Քրիստոսը ճանչնալու:
Ուստի կրօնաւորական կեանքի նուիրեալ անձերու տարին սկիզբ պիտի առնէ այս ամսուայ հոկտեմբեր 2014-ին եւ պիտի փակուի նոյեմբեր 2015-ին:
Մենք գիտակից ենք որ Քրիստոսի խաղաղութեան առաջնորդող ճանապարհները շատ են : Գեղեցիկ եւ յանդուգն ճանապարհներէն մէկն է Քրիստոսի հետեւիլը կրօնաւորական ուղիով, Անոր ձեռնքերէն ստանալով յատուկ շնորհք` անձի ամբողջական նուիրումով, հետեւելով Քրիստոսի յորդորներուն, ըլլալով ողջախոհ, աղքատ եւ հնազանդ:
Ըլլալ կրօնաւոր կը նշանակէ արմատապէս եւ ամբողջապէս ըլլալ «տրամադրելի», աշխարհի համար վերածուիլ « փրկութեան գայթակղութիւն, աւետարանական արժէքներու տարօրինակ նշանին, աշխարհէն լքուած անձ մը, որ սակայն խորապէս համոզուած ու կռթնած է աստուածային յաւիտենական սիրոյն :
Ոչ միայն կրօնաւորը, այլ նաեւ ամէն քրիստոնեայ ունի ողջակէզի վիճակ. մկրտութեամբ իրապէս կը դառնանք ողջակէզ մը, որովհետեւ մկրտութեամբ կը դառնանք այլ ոմն Քրիստոս, շնորհքի միջոցաւ ընդունելով միեւնոյն աստուածային կեանքը, ինչ որ Քրիստոս ունի բնութեամբ :
Քրիստոնեան եւս որպէս այլ ոմն Քրիստոս, չի կրնար տարբեր տրամադրութիւն եւ տարբեր վիճակ ունենալ : Կրնանք ըսել, որ մկրտութեան շնորհքը ողջակիզման, զոհի շննորհք է, որով Քրիստոնեայի բոլոր զգացումները, տրամադրութիւնը, կեանքը պէտք է ըլլայ զոհին, որով Սուրբ Պօղոս քրիստոնեաներուն կը յանձնարարէ. « Ձեզ կ՛աղաչեմ, եղբայրներ, գթութեամբ Աստուծոյ, որ պատրաստէք ձեր մարմինները որպէս զոհ կենդանի, սուրբ, աստուածահաճոյ, այդ է ձեր բնական պաշմտամունքը» (Հռոմ. 12, 1)
Եթէ Քրիստոնեան զոհի վիճակ ունի, կրօնաւորիին առաւել եւս կատարեալ զոհի վիճակն է, որովհետեւ կրօնաւորութիւնը քրիստոնէութեան ամբողջացումն է :







All the contents on this site are copyrighted ©.