2014-10-10 07:53:20

17 Հոկտեմբերը Աղքատութիւնը վերացումի միջազգային օր։


(Ռ.Վ. 10 հոկտեմբեր 2014) Աղքատութեան բարձումի միջազգային օրուան առթիւ եկեղեցին կը հրաւիրէ յատուկ աղօթք մը բարձրացնել առ Աստուած, կիրակի, 12 Հոկտեմբեր 2014-ին, ներշնչուելով օրուան նիւթէն` ''մէկ մը մէկդի մի թողուր. միասնաբար խորհիլ, վճռել ու գործել թշուառութեան դէմ''։
Աղքատութեան բարձումի միջազգային օրը բարեպատեհ առիթ մըն է անդրադառնալու նիւթական դժուարութեան մէջ ապրողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք պայքար կը տանին աղքատութեան դէմ։
''Չորրորդ աշխարհի ի նպաստ'' շարժումը կը յիշեցնէ թէ ըլլայ եկեղեցական ըլլայ պետական անձնաւորութիւններու պարտականութիւնն է պայքարիլ ընկերային տարամերժումն դէմ։
Նշենք որ ''Չորրորդ աշխարհի ի նպաստ'' շարժումը ստեղծուած է 1987-ին, Յիսուսեան հայր Joseph Wresinski-ի կողմէ։ Աղքատութեան վերացումի միջազգային օրը ՄԱԿէն հաստատուած է 1992-ին, ունենալով որպէս նպատակ խթանել ու ծաւալել առօրեայ պայքարը յետին աղքատութեան ու թշուառութեան դէմ։








All the contents on this site are copyrighted ©.