2014-10-09 09:51:14

Թուրքիոյ մէջ եկեղեցին աղօթք մը շարադրած է ի պատրաստութիւն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Թուրքիա այցելութեան։


(Ռ.Վ. 09 հոկտեմբեր 2014) Ի պատրաստութիւնը ֆրանչիսկոս Քահանայապետի` Թուրքիա այցելութեան Իսթանպուլի ս. Անտոնի նուիրուած ժողովրդապետութիւնը աղօթք մը պատրաստած է Հռոմի Պապին վրայ հայցելու երկնային պաշտպանութիւնը Թուրքիա այցելութեան ընթացքին։
Աղօթքին մէջ գոհութիւն կը մատուցուի Աստուծոյ եւ Տիրոջմէն կը խնդրուի Աստուածային պաշտպանութիւնը Քահանայապետին վրայ իր ամէն տեղափոխութիւններուն ընթացքին։
Սրբազան Հօր համամիութենական այցելութեան ծիրէ ներս Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարքին, պատրիարքութեան պաշտպան սուրբ` Ս. Անդրէաս առաքեալի տօնին առթիւ, Յիսուսին կ'աղօթեն ըսելով. Տէր դուն որ կանչեցիր Պետրոս եւ Անդրէաս եղբայրները մինչ Կալիլիոյ ծովեզերքը կը գտնուէին, մարդու որսորդներ դարձնելու զանոնք եւ Աւետարանի լոյսը սփռելու համայն աշխարհին, ըրէ՛ որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Բարթողոմէոս Պատրիարքի հանդիպումը ըլլայ նշան քու ներկայութեանդ մեր մէջ, փարատէ վախը եւ հաստատէ միութիւնը եկեղեցիներու միջեւ։
Աղօթքը կ՛եզրափակուի աղերսով մը Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար, որպէսզի Սրբազան Հօր հանդիպումը թուրք իշխանութիւններուն հետ ըլլայ պտղաբեր` արդարութեան ու խաղաղութեան ի խնդիր։
Պաշտպանէ այդ աշխարհամասի ժողովուրդները բռնութիւններէն, ատելութենէն ու ամէն չարիքէն։ Իմաստութիւն տուր ղեկավարներուն որպէսզի կարողանան ապրիլ ներդաշնակութեամբ, երկխօսութեամբ ու իրարու հետ համագործակցին ընդհանուրին բարիքին համար եւ մասնաւորապէս օգնութեան հասնին հիւանդներուն, աղքատներուն ու բազմաթիւ փախստականներուն, որ ներկայիս ապաստան կը փնտռեն այս հողին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.