2014-10-08 10:32:08

Սուրբերու դատին հայող յառաջիկայ կարտինալական ժողովին կը մասնակցին նաեւ Արեւելքի Պատրիարքները քննարկելու միջին արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերը։


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014) Ֆրանչիկսոս Քահանայապետի կամքով, յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ նախատեսուած սուրբերու դատի հայող կարտինալական ժողովին ընթացքին, պիտի քննարկուի նաեւ Միջին Արեւելքը յուզող հարցերը։ Այս մասին յայտնեց, երեքշաբթի 7 հոկտեմբերին, Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Հայր Ֆետրիքօ Լոմպարտին, սիւնհոդոսի նիստերու առթիւ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին՝ աւելցնելով, թէ նախատեսուած կարտինալական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Միջին Արեւելքի Պատրիարքները, որոնք Հռոմ կը գտնուին՝ մասնակցելու ընտանիքի մասին եպիսկոպոսաց Գ սիւնհոդոսական արտակարգ ժողովին որ շարունակութիւնը կը հանդիսանայ անցեալ 2-էն 4 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած, Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլինի նախագահութեամբ, Միջին Արեւելքի Առաքելական նուիրակներու եւ Վատիկանի վերին իշխանութեան պատասխանատուներու ժողովին հայող միջին արեւելքի քրիստոնեաներուն։
Յայտնենք նաեւ որ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի հայրերը յատուկ պատգամ մը ուղղեցին Իրաքի ընտանիքներուն անոնց յայտնելով քաջալերանք ու գնահատելով անոնց արի հաւատարմութիւնը իրենց հաւատքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.