2014-10-08 15:14:45

Նիճերիոյ մէջ քրիստոնեաները կը շարունակեն թիրախ դառնալ Պոքօ Հարամ ահաբեկչական խմբաւորումի յարձակումներուն


(Ռ.Վ. 08 հոկտեմբեր 2014) Աւելի քան 185 եկեղեցիներ կործանուած եւ 190.000 հաւատացեալներ տեղահանուած են Նիճերիոյ հիւսիային շրջանին մէջ։
Այս մասին յայտնած է , 8 հոկտեմբերին, Ֆիտէս լրատու գործակալութեան Նիճերիոյ եկեղեցւոյ մամլոյ ծառայութեան պատասխանատու` հայր Կիտին Օպասոժին։
Վերջին երկու ամիսներու ընթացքին, Նիճերիոյ Կուլք, Շուվա, Միչիքա, Պազզա ինչպէս նաեւ այլ քաղաքները թիրախ դարձած են Պոքօ Հարամ ահաբեկչական խմբաւորումի յարձակումներուն։
Հայր Օպասոժի Ֆիտէս լրատու գործալութեան յայտնած է նաեւ թէ գաղթականներու ողբերգական իրավիճակը հետզհետէ կը ծանրանայ, անոնցմէ շատերը ապաստան գտած են իրենց հարազատներուն մօտ եւ անոնց վիճակը ծանրապէս խղճալի է։







All the contents on this site are copyrighted ©.